ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԱՊԱՀՈՎԵԼ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԷ ՆԵՐՍ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան ա­ւար­տեց իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Թեհ­րան։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Վի­գէն Սարգ­սեան ե­րէկ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի եւ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ա­լի Շամ­խա­նիի հետ։

Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի մօտ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին կա­րե­ւո­րուե­ցաւ եր­կու հա­րե­ւան պե­տու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը անվ­տան­գու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տան-Ի­րան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Բարձր գնա­հա­տե­լով եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս ընդգ­ծե­լով յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ կող­մե­րը շեշ­տե­ցին նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս խա­ղա­ղու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ որ­պէս տա­րած­քաշր­ջա­նի պե­տու­թիւն­նե­րու կա­յուն զար­գաց­ման անհ­րա­ժեշտ նա­խա­պայ­ման։

Վի­գէն Սարգ­սեան ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծի ի­րա­վի­ճա­կը եւ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած ջան­քե­րը։ Ան ընդգ­ծեց խա­ղաղ, բա­նակ­ցա­յին ճա­նա­պար­հով խնդրի կար­գա­ւոր­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Կող­մե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման նպաս­տե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։

«ԻՐ­ՆԱ» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ըստ Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի, Ի­րա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կրնան օ­րի­նա­կե­լի ըլ­լալ աշ­խար­հի մը մէջ, ուր կը տա­րա­ծուին ծայ­րա­յե­ղա­կան մօ­տե­ցում­ներ զա­նա­զան կրօն­նե­րու ա­նու­նով։ Զա­րիֆ շեշ­տեց նաեւ, որ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի վեր­ջերս Ե­րե­ւան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւ­նը ե­ղած է դրա­կան։ Ան յոյս յայտ­նեց, թէ եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կրնայ ա­պա­հո­վել տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս խա­ղա­ղու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան հաս­տա­տու­մը։ Անդ­րա­դառ­նա­լով տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան դրսե­ւո­րում­նե­րուն՝ Զա­րիֆ շեշ­տեց, որ նման սպառ­նա­լիք­նե­րուն հա­կազ­դե­լու ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ան­խու­սա­փե­լի է։ Իր հա­մոզ­մամբ, եր­կու եր­կիր­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նին նաեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու տա­րանց­ման բնա­գա­ւա­ռէն ներս։

Վի­գէն Սարգ­սեան շեշ­տեց, որ եր­կու եր­կիր­նե­րը կը զար­գաց­նեն ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։ Իր խօս­քե­րով, Ե­րե­ւա­նի հա­մար խիստ կա­րե­ւոր են յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Ի­րա­նի հետ. եր­կիր մը, որ ա­ռանց­քա­յին դեր կը խա­ղայ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս առ­կայ խնդիր­նե­րու լուծ­ման հար­ցին մէջ։ Վի­գէն Սարգ­սեան կա­րե­ւո­րեց նաեւ այն հան­գա­ման­քը, որ Հա­սան Ռու­հա­նիի Ե­րե­ւան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թե­նէն վերջ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս ար­ձա­նագ­րուած են նոր զար­գա­ցում­ներ։

Թեհ­րա­նի կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին Վի­գէն Սարգ­սեան ծաղ­կեպ­սակ մը զե­տե­ղեց Ի­րա­նի իս­լա­մա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռաջ­նորդ Հու­մէյ­նիի դամ­բա­րա­նին։ Բաց աս­տի, ան շփում­ներ ու­նե­ցաւ ի­րա­նա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Նա­խա­րա­րը հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Թեհ­րա­նի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Սե­պուհ Արք. Սար­գի­սեա­նի կող­մէ։ Վի­գէն Սարգ­սեան այ­ցե­լեց նաեւ «Ա­լիք» օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­տու­նը։

ՄՕ­ՏԱ­ԼՈՒՏ ԱՅՑ

Միւս կող­մէ, Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւն ալ կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Թեհ­րան։ Կը հա­ղոր­դուի, որ իր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է յա­ռա­ջի­կայ ամ­սուան սկիզ­բը։ Թեհ­րա­նի մէջ շարք մը հա­մա­ձայ­նագ­րեր ալ պի­տի ստո­րագ­րուին եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ։ Ներ­կա­յիս կող­մե­րը աշ­խա­տանք կը տա­նին այդ փաս­տա­թուղ­թե­րուն բո­վան­դա­կու­թեան վերջ­նա­կան ձե­ւը տա­լու հա­մար։

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017