«ԶԱՐԹՕՆՔ»Ի 80-ԱՄԵԱԿԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉԸ
Յառաջիկայ Երկուշաբթի, Փետրուարի 5-ի երեկոյեան, Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Զարթօնք» օրաթերթի 80-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկը կը հովանաւորէ Լիբանանի Տեղակատուութեան նախարարութիւնը, որ այս առթիւ յատուկ գնահատանքի գիր յղած է 80-ամեայ հսկային:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքին եւ ՄԱՀԱԵՄ-թեան Նախագահին օրհնութեան եւ ողջոյնի գիրերու ընթերցումներէն ետք, բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ, «Զարթօնք»ի երկարամեայ աշխատակից՝ Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան:
Ձեռնարկը պիտի ունենայ երեք հանգամանաւոր զեկուցաբերներ: Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան հանդէս պիտի գայ. «Սփիւռքահայ մամուլը. Լինե՞լ, թէ չլինել» նիւթով: Հայաստանէն յատուկ հրաւիրուած՝ Երեւանի Պետական մանկավարժական համալսարանի Սփիւռք կեդրոնի տնօրէն Տքթ. Սուրէն Դանիէլեան պիտի խօսի «Պատառիկներ «Զարթօնք»ի գրական միտքի քննական դեգերումներ»ու մասին: Դարձեալ Հայաստանէն հիւրաբար ժամանած՝ «Զարթօնք»ի գործընկեր «Արմենփրէս» գործակալութեան տնօրէն Տքթ. Արամ Անանեան պիտի զեկուցէ «Զարթօնքը համահայկական լրատուութեան համապատկերին մէջ. Մտորումներ ապագայի լրատուութեան մասին» նիւթով:
Ձեռնարկի ընթացքին տեսաերիզով պիտի ցուցադրուին կարգ մը վկայութիւններ «Զարթօնք»ի մասին եւ պատառիկներ՝ Երեւանի մէջ Հայաստանի Ազգային գրադարանի յարկէն ներս կայացած «Զարթօնք»ի 80-ամեակի նշումէն:
Պիտի ըլլան գեղարուեստական ընդմիջումներ, ջութակի եւ դաշնամուրի նուագածութեամբ:
Շնորհակալական խօսքով հանդէս պիտի գայ «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր՝ Սեւակ Յակոբեան:
Պիտի ներկայացուի այս առիթով լոյս տեսած «Զարթօնք»ի յատուկ հրատարակութիւնը:
Փակման խօսքով հանդէս պիտի գայ Թէքէեան մշակութային միութեան Հիմնադիրներու մարմնի ատենապետ Յակոբ Գասարճեան:
Աւարտին, տեղի պիտի ունենայ պատշաճ հիւրասիրութիւն: