ԲԱՆԱԿԻ ՎՃՌԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐԸ

Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» լայնածաւալ գործողութիւնները։ Երէկ բանակը ոչնչացուց 14 թիրախներ։ Ալի Քար եւ Պիւլպիւլ շրջանները ամբողջութեամբ մաքրագործուեցան ՓՔՔ-ԵՓԿ-ՓԵՏ-ի ահաբեկիչներէն։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ ցարդ ոչնչացուած ահաբեկիչներուն թիւը արդէն աւելի քան 800-ի հասած է։ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն կա-պակցութեամբ Անգարայի կողմէ կատարուած բոլոր պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ կը շեշտուի Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը։

Ըստ վերջին լուրերուն, Տարմըք լեռն ու շրջակայքը Թուրքիոյ կողմէ արդէն կը գնդակահարուին։ Իսկ Թուրք զինեալ ուժերն ու Ազատ Սուրիոյ բանակի զօրերու յառաջխաղացումը կը շարունակուի նաեւ Աֆրինի մէջ։

Մինչ այդ, ատեն-ատեն սահմանամերձ Ռէյհանլը գաւառակը կ՚ենթարկուի ահաբեկիչներու յարձակումներուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ արձագանգեց այս խնդրին։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ թէ՛ Ռէյհանլըի մէջ 17 տարեկան աղջկան մը մահը եւ թէ ամբողջ քաղաքային ժողովուրդի շարքերէն եղած կորուստները մտահոգութիւն կը պատճառեն Ուաշինկթընին։

Միւս կողմէ, գործողութիւններու 14-րդ օրուան դրութեամբ ուշադրութիւն կը գրաւեն ցամաքային զօրքերու յառաջխաղացումները։

Ուրբաթ, Փետրուար 2, 2018