ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀ՝ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԳԻՏԱՇԽԱՏՈՂՆԵՐՈՒՆ

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 20 հազար ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհ տրամադրած է Մատենադարանին՝ զբօսավարներու եւ երիտասարդ գիտաշխատողներու մասնագիտական զարգացման ուղղելու նպատակով:

IDeA հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկութիւնը տրամադրուած դրամաշնորհով զբօսավարներու եւ երիտասարդ գիտնականներու համար պիտի կազմակերպէ մասնագիտական զարգացման ուղղուած դասախօսութիւններ՝ նպաստելու համար հայկական ժառանգութեան ներկայացման, պահպանման եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցման:

«Մասնագիտական զարգացումը եւ գիտելիքներու խորացումը Մատենադարանի առաջնահերթ եւ կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է: Այս ծրագիրը կը նպաստէ երիտասարդ զբօսավարներու եւ գիտաշխատողներու մասնագիտական աճին եւ հմտութիւններու զարգացման», յայտնեց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկութեան տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան:

«Մատենադարանը հայերու մարդասիրական ժառանգութիւնը ուսումնասիրելու եւ արեւմտեան քաղաքակրթութեան զարգացման ամենակարեւոր կեդրոններէն է: «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ուրախութեամբ կը շարունակէ այս կարեւոր համագործակցութիւնը, որ կը նպաստէ այդ ժառանգութեան՝ աշխարհի մէջ առաւել լաւ ներկայացման եւ տարածման: Աջակցելով երիտասարդ գիտաշխատողներու մասնագիտական զարգացման՝ մենք նաեւ ներդրում կը կատարենք մշակութային հարստութեան սերունդներուն փոխանցման գործին մէջ», յայտնեց «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:

Դրամաշնորհը տրամադրուած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան յիշողութեան պահպանման (Armenian Memory Act) նախագծի ծիրին մէջ, որ ուղղուած է հայկական ժառանգութեան մասին փաստող արխիւներու եւ փաստաթուղթերու պահպանման ու գործածման: 2015-ին Մատենադարանը, ստանալով դրամաշնորհը՝ ձեռք բերած է ձեռագիրներու թուայնացման յատուկ սարքաւորում:

Ուրբաթ, Փետրուար 2, 2018