ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐՋ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ 2018 թուականը հռչակուած է Երիտասարդութեան տարի: Այս ուրախալի եւ ոգեւորիչ առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանները՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութեամբ եւ բարձր հովանիի ներքոյ, 2018 թուականի ընթացքին պիտի իրականացնեն «Արարող ձեռքեր» խորագրով ցուցահանդէսային նախագիծ:

Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու տնօրէնութեան դիմատետրի էջը կը յայտնէ, որ նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի աջակցելու Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդ արուեստագէտներուն՝ հանրութեան առջեւ հանդէս գալու, ներկայացնելու իրենց ստեղծագործութիւնները, մտորումները եւ գալիքի իրենց տեսլականը:

Ցուցահանդէսները պիտի բացուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սրահին մէջ, նիւթը ազատ է եւ կ՚ընդգրկէ կերպարուեստի բոլոր ճիւղերը (գեղանկար, քանդակ, լուսանկար եւ այլն): Կազմակերպչական ողջ աշխատանքները պիտի իրականացնէ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու գրասենեակը:

«Արարող ձեռքեր» նախագծին կրնան մասնակցիլ ուսանող եւ նորաւարտ երիտասարդ արուեստագէտները՝ դիմելով Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու տնօրէնութիւն հետեւեալ հասցէով. web.facebook.com/HolySeemuseum

Դիմումները կ՚ընդունուին մինչեւ Փետրուարի 10-ը (անհրաժեշտ է ներկայացնել համառօտ ինքնակենսագրական, 5-10 ստեղծագործութեան լուսանկար):

Ուրբաթ, Փետրուար 2, 2018