Ուրբաթ 10, Յունուար 2025
ԱԴՈՆՑ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կարգադրութեամբ՝ Աւետ Ադոնց նշանակուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համապատասխան որոշումը երէկ հրապարակուեցաւ պատկան մարմիններուն կողմէ։
Աւետ Ադոնց հայկական դիւանագիտական անձնակազմի ամենափորձառու անուններէն մին է։ Ան անցեալին դեսպանի պաշտօններ վարած է Պելժիոյ, Լիւքսեմպուրկի, Հոլանտայի եւ Սպանիոյ մէջ։
Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019