ԵՄ-Ի ԿՈՂՄԷ ՔԱՅԼ ՄԸ

Եւրոմիութիւնը կը պատրաստուի խորհրդաժողով մը կազմակերպել Սուրիոյ տագնապին շուրջ։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս խորհրդաժողովը նախատեսուած է Պրիւքսելի մէջ, 12-14 մարտին։ 

ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն վերջ այս խորհրդաժողովին շուրջ բացատրութիւններ տուաւ Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, ԵՄ-ի դիւանագիտութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի։ Բաց աստի, ան նշեց, որ խորհրդաժողովը նախատեսուած է Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս տարածքաշրջանի ապագային համար։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019