ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԶԲՕՍԱՎԱՅՐԸ

Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Նորարարութեան եւ արհեստագիտութիւններու առաջին տարածքաշրջանային զբօսավայրը: Անիկա պիտի դառնայ ապագայի աշխատավայր աւելի քան 6 հազար առաջատար մասնագէտներու համար, որոնք պիտի նպաստեն տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները տնտեսութեան առաջատար ճիւղերու մէջ ամբողջապէս ընդելուզելու ու նորարարական լուծումներ առաջարկելու գործընթացին, ինչպէս նաեւ ճարտարագիտական, ելեւմտական, դրամատնային, առողջապահական, ապահովագրական, ռազմական, գիւղատնտեսական, հանքաարդիւնաբերական, լրատուադաշտի եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտներու մէջ։

«Կալաքսի» ընկերութիւններու խումբը կը փոխանցէ, թէ նորարարութեան եւ արհեստագիտութիւններու զբօսավայրը պիտի տարբերի իր տեսակով ու ծաւալով։ Ներկայիս, աշխարհի մէջ բազմաթիւ են փոքր ու միջին զբօսավայրեր՝ բացառապէս ՏԱ կամ ճարտարագիտական ուղղութեամբ։ Երեւանի մէջ կառուցուող զբօսավայրը ԱՊՀ-ի եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու մէջ կառուցուող առաջին բազմաճիւղ զբօսավայրը պիտի ըլլայ ՏԱ-ին զուգահեռ ներկայացուած ոլորտներու եւ ընկերութիւններու աշխարհագրութեան տեսանկիւնէն։

Նորարարութեան եւ արհեստագիտութիւններու զբօսավայրի փիլիսոփայութիւնը նորարարութիւններ ծնող «բնապահպանական համակարգ»ի ստեղծումն է, որ հնարաւոր պիտի ըլլայ կրթական, հետազօտական եւ զարգացման ծաւալուն ծրագրերու իրականացումով եւ ոլորտը ներկայացնող կառոյցներու ներգրաւումով։ Զբօսավայրին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան «սթարթ-ափ»ներ ու վենչուրային ֆոնտեր, պիտի ներդրուին «ինկուպացիոն» ու «աքսելերացիոն» ծրագրեր։

Զբօսավայրը կը յաւակնի դառնալ այն հաւաքատեղին, ուր ՏԱ-ն հանդիպելով տնտեսութեան առանցքային ուղղութիւններուն հետ, պիտի սահմանէ յաջորդ սերունդի սպառման ապրանքներու եւ ծառայութիւններու նորարարութիւն՝ դառնալով Հայաստանի ու հայկական նորարարական մտքի այցեքարտը աշխարհի մէջ։

Ծրագրին նախաձեռնութիւնը կը պատկանի «Կալաքսի» ընկերութիւններու խումբին՝ հայկական ՏԱ համայնքին հետ համատեղ։ Գործընթացի ծրագրաւորման աշխատանքները տեւած են աւելի քան երկու տարի, եւ ծաւալուն այս ծրագրին մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին շուտով։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019