ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ 150-ԱՄԵԱԿՆԵՐԸ ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՅՑԻՆ ՄԷՋ

Երգահան Կոմիտաս Վարդապետի եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակները ներառուած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի յոբելենական իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ:

Այս մասին, ըստ «Հայերնայսօր» կայքէջի, յունուար 29-ին, մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազելի Ղարիբեան:

Հայաստանի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի գլխաւոր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեան, իր հերթին, նշած է, որ ամէն տարի երկիրները իրաւունք ունին երկուքական յայտ ներկայացնելու օրացուցային օրերուն համար, եւ միշտ խնդիր եղած է ընտրութեան հարցով: Այս անգամ, սակայն, ընտրութեան հարցով տարակարծութիւններ չեն եղած: Կոմիտաս Վարդապետի եւ Թումանեանի 150-ամեակները ԻՒՆԷՍՔՕ-ի օրացոյցին մէջ ընդգրկելու վերաբերեալ՝ յանձնաժողովի կարծիքը եղած է նոյնը:

Կը պարզուի, սակայն, խնդիր եղած է՝ կապուած Թուրքիոյ հետ: Կոմիտասի 150-ամեակը սկիզբը չէ ներառուած: Պատճառաբանուած է, որ Կոմիտասը ծնած է Թուրքիոյ տարածքէն ներս եւ այս պարագային պէտք է նաեւ թրքական կողմին դիրքորոշումը: Հայկական կողմը, ի վերջոյ, յաջողած է հաստատել եւ հիմնաւորել հայկական կողմին յայտը:

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019