ՀԵՌԱՀԱՐ ՔԱՅԼԵՐ

Դէպի Գերմանիա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Պերլինի մէջ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ։ Այսպէս, ան հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի, Պունտեսթակի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպելի եւ վարչապետ Անկելա Մերքէլի կողմէ։ Օրուան տեւողութեան Նիկոլ Փաշինեան այցելեց նաեւ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնարկի կեդրոնը, ուր հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ներկայ էին երեսփոխաններ, բարձրաստիճան դիւանակալներ, քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներէ ներկայացուցիչներ։ Հիմնարկի նախագահ Նորպերթ Լամերթ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց Նիկոլ Փաշինեանը։ Այս բոլորին առընթեր, Հայաստանի վարչապետը Պերլինի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Պունտեսթակի Հարաւային Կովկասի հետ բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի երեսփոխաններուն հետ։ 

Երէկուան բանակցութիւնները թէ՛ իրենց բովանդակութեամբ եւ թէ մթնոլորտով եկան ապացուցանել, որ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ հետզհետէ կը ձեւաւորուի համագործակցութեան յստակ օրակարգ մը։ Կողմերը այս փուլին հետամուտ են հեռահար քայլերու։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Անկելա Մերքէլ երէկ Պերլինի մէջ ծաւալեցին կարեւոր քննարկումներ, որոնք յառաջիկայ շրջանին կրնան շօշափելի արդիւնքներու վերածուիլ։ 

Երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան զարգացման առընթեր, Փաշինեան եւ Մերքէլ անդրադարձան Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն, միջազգային եւ տարածքաշրջանային հարցերու վրայ։ Վարչապետները երկկողմանի համագործակցութեան ծիրին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցին տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու եւ բնապահպանութեան ոլորտները։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Անկելա Մերքէլ կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցին շուրջ։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէ ներս բանակցային գործընթացի կարեւորութիւնը՝ որպէս այս խնդրի լուծման հետամուտ միակ միջազգայնօրէն լիազօրուած ձեւաչափ։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019