ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏ

Երէկ, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ երաժիշտ Միշել Լըկրանի յուղարկաւորութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, ան ունէր հայկական արմատներ, իր մայրն էր յայտնի դաշնակահարուհի Մարսել Տէր-Միքայէլեան։ 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փարիզի Ս. Ալեքսանտր Նեւսքի Ուղղափառ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը։ Միշել Լըկրանի հրաժեշտը շարունակուեցաւ Մարինեան թատրոնին մէջ կազմակերպուած սգահանդէսով։ Բաց աստի, Փարիզի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ, յատուկ տեղադրուած մեծ պաստառներու միջոցաւ հանրութեան համար ներկայացուեցան Լըկրանի ստեղծագործութիւնները եւ անոր կեանքէն յիշարժան դրուագներ։ Աշխարհահռչակ երգահանի մարմինը հողին յանձնուեցաւ Փեր-Լաշեզ գերեզմանատան մէջ։ 

Միշել Լըկրանի հրաժեշտ տալու փութացած էին Ֆրանսայի Առաջին տիկին Պրիժիթ Մաքրոն, Մշակոյթի նախարար Ֆրանք Ռիսթէր, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, դիւանագիտական առաքելութիւններէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ արուեստագէտի ընտանիքի անդամներն ու բարեկամները։ 

Միշել Լըկրանի մահուան օրը՝ 26 յունուարին Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն հրապարակած ցաւակցական պատգամին մէջ նշած էր հետեւեալը. «Մանուշեանի խումբի վերջին մարտիկ Արսէն Չաքարեանէ եւ Շարլ Ազնաւուրէ յետոյ, վերջին ամիսներուն արդէն երրորդ մեծ ֆրանսացին կը լքէ մեզ»։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019