7-ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄ

Այս տարուայ ամրան նախատեսուած են Համահայկական 7-րդ խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան օգոստոսին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Համահայկական խաղերու բացման արարողութիւնը 6  օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ։ Բացման արարողութեան յաջորդող օրը խումբերը շրջայց մը պիտի կատարեն Արցախի մէջ ու պիտի անցնին Երեւան, ուր գործնականօրէն տեղի պիտի ունենան բոլոր մրցաշարքերը։

Համահայկական 7-րդ խաղերը պաշտօնապէս պիտի եզրափակուին օգոստոսի 17-ին։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019