ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ յառաջիկայ շրջանին պատրաստութիւններ կրնան սկսիլ նոր սահմանադրութեան մը մշակման համար։

Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդի ներկայ ամսուան առաջին ժողովը։ Պեշթեփէի համալիրի երդիքին տակ կայացած նիստէն վերջ նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան այս առթիւ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ ծաւալուած քննարկումներուն շուրջ՝ բազում բնագաւառներու առընչութեամբ։ Էրտողանի յայտարարութիւններուն մէջ  ուշադրութիւն գրաւեցին տնտեսութեան եւ իրաւունքի բնագաւառներուն վերաբերեալ նախատեսուած բարեփոխումները։ Համապատասխան թղթածրարներու պատրաստութիւնները սկսած էին որոշ ժամանակ առաջ։ Աշխարհի եւ երկրի իրադարձութիւնները վերլուծելու առընթեր բոլոր խաւերու ակնկալութիւններու եւ կարիքներու լոյսին տակ պատրաստուեցան նախագիծեր։ Այդ բոլորը ներքին քննարկումներու միջոցաւ եզրափակիչ փուլի պիտի բերուին։ Մօտաւոր ապագային հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ պիտի բերուի ծաւալուն աշխատանք մը՝ բարեփոխումներու ծրարներու նպատակներուն կապակցութեամբ։

Նախագահ Էրտողան երէկ գիշերուան յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ Թուրքիոյ մէջ 1960-էն ի վեր խնդիրներ կը ծագին, որովհետեւ սահմանադրութիւնները կը պատրաստուին՝ պետական հարուած կատարածներու կողմէ։ Այս պատճառով աւելի առաջ նոր սահմանադրութեան մը մշակման ուղղեալ նախաձեռնութիւններ կատարուած էին։ Սահմանադրութեան վերաբերեալ աշխատանքը, նախագահի խօսքով, պէտք է ըլլայ ազգի աչքին առջեւ եւ անոր բոլոր ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Աւելի վերջ ալ այդ աշխատանքը պէտք է ներկայացուի ազգի գնահատականին։ Էրտողան ցաւ յայտնեց, որ նախապէս երկիրը բաց թողած է այդ հնարաւորութիւնները։

«Նոր սահմանադրութեան մը համար թէկուզ մեր երկրէն ներս քննարկում մը պէտք է սկսի։ Յառաջիկայ շրջանին շարժման կրնանք անցնիլ, եթէ «Ճումհուր» դաշինքի մեր գործընկերոջ հետ փոխըմբռնման հասնինք նոր սահմանադրութեան մը նիւթին շուրջ», նշեց Էրտողան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2021