ՀԱՍԱՆՈՎԻ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի ներկայութեամբ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեսակցեցաւ հիւր նախարարին հետ։

Օրուան տեւողութեան Անգարայի մէջ Հուլուսի Աքար եւ Զաքիր Հասանով նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց աւարտին ալ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս փուլին Հուլուսի Աքար շեշտեց, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան ռազմական համագործակցութիւնը կը զարգանայ եւ այդ մէկը սպառնալիք մը չի համարուիր որեւէ երրորդ երկրի դէմ։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան՝ որպէս մէկ ազգ, երկու պետութիւն, ջանքեր կը գործադրեն Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան կայունութեան եւ անդորրութեան հաստատման համար։ Ան դիտել տուաւ, որ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան խաղաղութեան ձեռք երկարած են Հայաստանին։ Այդ քայլի նպատակն է ամբողջ Հարաւային Կովկասէ ներս ստեղծել խաղաղ եւ կայուն մթնոլորտ մը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 2, 2022