ՔԱԼԸՆ-ՍԱԼԸՎԸՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Ազգային անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկան նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։
Քալըն եւ Սալըվըն տարածաշրջանի կայունութեան եւ բարգաւաճման տեսակէտէ կարեւորեցին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մշտական խաղաղութեան հաստատուիլը։
Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի խնդիրները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել միջազգային դիւանագիտական օրակարգը։ Այս ամբողջին մէջ, երէկ, Անգլիոյ Եւրոպական հարեւանութեան եւ Ամերիկայի հարցերով պետական նախարար Քրիս Հիթըն-Հարիս հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անգլիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը Արարատ Միրզոյեանի հետ զրուցելու ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան մշտական խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ հարցերու։ Ան անգլիական կողմի աջակցութիւնը արտայայտեց այս երկու գործընթացներուն նկատմամբ։ Բաց աստի, հեռախօսազրոյցի ընթացքին շօշափուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը։ Այս շրջանակին մէջ պետական նախարարը Անգլիոյ աջակցութիւնը յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեւաչափին։
Բաց աստի, Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը երէկ հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին քննարկեցին նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ եւ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար։