ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆ ՄԻՏՈՒԱԾ ԵՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՆԴԷՍ ԳԱԼ՝ ՈՐՊԷՍ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՇՈՒԿԱՅ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ե­րէկ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ վեր­ջերս դէ­պի Վրաս­տան կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շուրջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան հա­ւա­նա­կան նկա­տեց, որ Հա­յաս­տան եւ Վրաս­տան պի­տի կա­րե­նան այ­լընտ­րան­քա­յին ճա­նա­պարհ մը գտնել՝ Վե­րին Լար­սի սահ­մա­նա­յին ան­ցա­կէ­տին հա­մար։ Խորհր­դա­րա­նէն ներս կա­ռա­վա­րու­թեան հետ հար­ցում-պա­տաս­խա­նի ժա­մա­նակ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան անդ­րա­դար­ձաւ Թիֆ­լի­զի շփում­նե­րուն։ Պա­տաս­խա­նե­լով ե­րես­փո­խա­նի մը հարց­ման՝ ան ընդգ­ծեց, որ այս հար­ցին շուրջ վրա­ցա­կան կող­մին հետ կը գտնուին բա­նակ­ցա­յին փու­լի մէջ։

Ման­րա­մաս­նե­լով Թիֆ­լի­զի մէջ ու­նե­ցած շփում­նե­րը՝ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ընդգ­ծեց, որ իր վրա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի հետ ու­նե­ցած է ա­ռար­կա­յա­կան հան­դի­պում մը, ո­րու ըն­թաց­քին ման­րա­մաս­նօ­րէն քննար­կուած են այն հար­ցե­րը, ո­րոնք կը յու­զեն եր­կու կող­մե­րը։ «Այս­տեղ կա­րե­ւոր է, որ ո­րե­ւէ հար­ցի շուրջ չու­նինք խո­չըն­դոտ։ Ը­սեմ ա­ւե­լին՝ մենք ձե­ւա­ւո­րած ենք մօ­տե­ցում մը, որ­պէս­զի ար­տա­քին աշ­խար­հի հա­մար հան­դէս գանք միաս­նա­կան շու­կա­յով։ Մենք ա­ռա­ջար­կած ենք Հա­յաս­տա­նի հար­թա­կը վրա­ցա­կան դրա­մագ­լու­խի եւ գոր­ծա­րա­րու­թեան հա­մար՝ Ի­րա­նի եւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) շու­կայ մուտք գոր­ծե­լու հե­ռան­կա­րով։ Խօ­սած ենք փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նակ­ման մա­սին։ Չենք թաք­ցու­ցած, որ հե­տաքրք­րու­թիւն ու­նինք զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լոր­տի ի­րենց փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րել, ի­րենք ալ չեն թաք­ցու­ցած, որ կը փա­փա­քին ու­սում­նա­սի­րել տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տէն ներս մեր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը», ը­սաւ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Ջա­ւախ­քի հա­յու­թեան կրթա­կան խնդիր­նե­րուն՝ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան տե­ղե­կա­ցուց, որ յա­ռա­ջի­կա­յին Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան Վրաս­տան պի­տի այ­ցե­լէ՝ այդ խնդիր­նե­րը ա­ւե­լի ա­ռար­կա­յա­կա­նօ­րէն քննար­կե­լու հա­մար։

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017