ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԱԶԱՏ ԿԸ ԽՕՍԻ ԵՕԹ ԼԵԶՈՒՈՎ
Հայկական ֆութպոլի ժամանակակից աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան վերջին օրերուն զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ իր եւս մէկ ուշագրաւ առանձնայատկութիւնով։ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կիսապաշտպանը, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետն է, գիտէ եօթ լեզու։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Khalid 10» ինթերնեթային ալիքը վերջերս ներկայացուց ֆութպոլի աշխարհի այն տասնչորս ներկայացուցիչները, որոնք կը տիրապետեն չորս եւ աւելի լեզուներու։ Այս ցուցակը կը գլխաւորէ Հենրիխ Մխիթարեան, որ ազատ ձեւով կը խօսի եօթ լեզուով։ Այսպէսով ան եղած է աշխարհի վրայ ամենաշատ լեզուներու տիրապետող ֆութպոլէօրը։