ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԵՐԹ

Երէկ, Հայաստանի մէջ ոգեկոչուեցան 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերու զոհերը։ Մայրաքաղաք Երեւանի մէջ օրուան տեւողութեան ժողովուրդը փութաց իր յարգանքը արտայայտելու այն վայրը, ուր պատահած էին այդ արիւնալի դէպքերը՝ խլելով զոհեր։ Միասնիկեանի հրապարակն էր այդ մէկը, ուր օրուայ սկիզբին առաջին այցելողը եղաւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան։ Օրուայ աւարտին Երեւանի մէջ մեծ երթ մը տեղի ունեցաւ՝ վերյիշելու համար դէպքերու զոհերը։ Ազատութեան հրապարակէն սկսաւ այդ երթը, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեան։ Ազատութեան հրապարակէն սկսած երթի մասնակիցները Մաշտոցի պողոտայէն անցնելով հասան Միասնիկեանի հրապարակը, ուր բոլորը ծաղիկներ թողեցին զոհերուն ի յիշատակ։ Նիկոլ Փաշինեան եւ կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան եւս թողեցին ծաղիկներ, մինչ վառուեցան նաեւ բազմաթիւ մոմեր։

Վարչապետ Փաշինեան այս ոգեկոչման երթին մասնակցելու եւ 1 մարտ 2008 թուականի դէպքերու զոհերուն նկատմամբ յարգանքի տուրքը մատուցելու զուգահեռ՝ յանուն պետութեան պատահած ամէն ինչին համար խնդրեց ներողութիւն։

Միւս կողմէ, երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019