ԴԱՏԱՎՃՌԻՆ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԸ

Միջազգային դատարանի միջանկեալ որոշումը՝ Պաքուն պարտաւորեցնելու Բերձորի միջանցքով քաղաքացիներու եւ բեռներու երկու ուղղութեամբ ազատ տեղաշարժը ապահովելու համար, կարելի է իրաւական հարթութեան վրայ առաւել նկատել հայկական կողմին տեսակէտէ։ Մանաւանդ որ, միեւնոյն ժամանակ, մերժուած է Ատրպէյճանի դիմումը նոյն դատարանին՝ Արցախն ու յարակից տարածքները ականապատելու յանցանքով Հայաստանը մեղադրելով: Այս պահանջը, ըստ էութեան, կը հիմնաւորէր Ատրպէյճանի կողմէ միջանցքի փակման գործողութիւնները:

Անհրաժեշտ է ընդունիլ, որ չկայ զուտ իրաւական որոշում: Անպայման քաղաքական բաժինը կ՚ընկերակցի կամ կը փոխշաղկապուի իրաւականին: Գործընթացները պէտք է ընկալել իրաւաքաղաքական ընդհանուր պարունակին մէջ:

Հիմա ընդհանուր խօսոյթը կեդրոնացած է այս որոշումի կատարման պարտադիր ըլլալու բնոյթին վրայ եւ հարց է, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ Պաքու չգործադրէ միջազգային դատարանին որոշումները: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերին հաստատումները, թէ որոշումի գործադրութիւնը պարտադիր է, այնքան բացարձակ եւ պարզ պէտք չէ ընկալել: Միջազգային ընտանիքը, իւրացնելով միջազգային ատեանին որոշումը, ի՛նք կ՚որոշէ, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ ձեւերով կիրարկել կու տայ վճիռը: Աւելի ճիշդ, այդ որոշումը խաղաթուղթ է միջազգային ընտանիքի ձեռքին՝ ընտրելու ժամանակը պատժամիջոցներ որդեգրելու կամ ուժ կիրարկելու: Նախընթաց դէպքերը այդ մասին կը յուշեն: Քաղաքական իրատեսութիւնը մտածել կու տայ, որ Պաքուն Բերձորի միջանցքը կը բանայ միայն հայկական կողմին հետ ընթացող բանակցութիւններուն՝ իր կողմէ առաջադրուած պայմաններու բաւարարման պարագային: Այդ առաջադրանքները կապ չունին բնապահպանական, հանքերու շահարկման կամ ականապատման պատրուակներուն հետ: Անոնք, ըստ էութեան, միջանցք-միջանցքի դիմաց, անցակէտ-անցակէտի դիմաց կամ աւելին՝ Արցախի մէջ պաշտպանութեան բանակի լուծարման եւ նման արմատական խնդիրներու հետ կապուած են:

Շարունակենք քաղաքական վերլուծումը: Հայկական կողմը բողոքի դիմումը կատարած է էթնիք խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային հռչակագրին ներքեւ: Միջազգային դատարանին ընդունումը՝ բողոքը այդ յօդուածին ընդառաջ քննարկելու, կը նախանշէ Արցախի հակամարտութեան էութեան ընդգծումը: Հակամարտութիւնը եւ անոր հետեւանքով Բերձորի փակումը առանցքայնօրէն էթնիք խնդիր մըն է: Այս ընդգծումը կատարեց նաեւ պատերազմի դադրեցման համար միջնորդի դիրքերէ հանդէս եկած Մոսկուան: Ռուսաստանի արծարծած տրամաբանութիւնը այն էր, որ իր խաղաղապահ առաքելութիւնը Արցախի գօտիին մէջ հրամայական է՝ կանխարգիլելու համար էթնիք զտումի գործողութիւնները:

Միջանցքի փակման դէմ այս հարցին քննարկումը ընդունելով՝ հիմա միջազգային ընտանիքին արդարադատութեան բաժանմունքը, ըստ էութեան, կ՚ազդարարէ հակամարտութեան էթնիք բնոյթ ունենալը: Ատրպէյճան Բերձորի միջանցքը փակելով կը կիրարկէ էթնիք զտումի քաղաքականութիւն Արցախին դէմ:

Առաջին հայեացքով տեսանելի է համատեղելիութիւն ռուսական եւ միջազգային ընտանիքի դիրքորոշումներուն կամ հարցի ընկալման մօտեցումներուն միջեւ: Կայ, սակայն, կարեւոր երանգային տարբերութիւն մը, որ քաղաքական հակոտնեայ դիրքերու մասին կը խօսի:

Միջազգային դատարանը յղում կը կատարէ 9 նոյեմբերի (հրադադարի) յայտարարութեան եւ կը յիշեցնէ, որ այնտեղ կայ պայմանաւորուածութիւն Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժի ապահովման: Նախ եւ առաջ այս մէկը 9 նոյեմբերի յայտարարութեան օրինականութեան ճանաչում է եւ այսպէսով իսկ նաեւ ռուսական միջնորդութեան ընդունումը, բայց նաեւ ռուսական երաշխաւորութիւնը այդ բոլորի գործադրութեան:

Միջազգային դատարանը միջազգային ընտանիքին՝ ՄԱԿ-ին արդարադատութեան բաժանմունքն է: Վերադառնանք այն տեսութեան, թէ չկայ զուտ իրաւականութիւն, կայ իրաւաքաղաքականութիւն:

9 նոյեմբերի յայտարարութեան յղում կատարելով միջազգային դատարանը ըսել կ՚ուզէ, որ ռուս խաղաղապահ առաքելութիւնը չի յաջողիր կատարել իր պարտաւորութիւնը: Չի յաջողիր կանխարգիլել էթնիք զտման Պաքուի քաղաքականութիւնը: Հետեւաբար, իր որոշումներու գործադրութեան համար ի պահանջել հարկին կրնան անհրաժեշտ նկատուիլ այլ ուժեր:

Մոսկուան պիտի աշխատի արագացնել Բերձորի միջանցքի բացումը՝ կանխարգիլելու համար այլոց ներգրաւուածութիւնը՝ մինչ Անգարա եւ Պաքու պիտի փորձեն առաւելագոյնս օգտագործել այս խաղաթուղթին շահարկումը բոլոր ուղղութիւններով:

Իրաւական այս որոշումին քաղաքական ենթաբնագիրը կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի մէջ ռուսական գործօնին՝ աւելի ճիշդը, զայն փոխարինելու հեռանկարին:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2023