ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐԿԱԾ

Յունաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սարսափելի արկած մը, որ խլեց 43 զոհ։ Այսպէս, դէպքը կը վերաբերի երկու գնացքներու բախման։ Աթէնք-Թեսաղոնիկէ ուղղութեան վրայ բախուեցան երկու գնացքներ, որոնցմէ մին բեռնատար էր, իսկ միւսը ուղեւորատար։

Դէպքը ունեցաւ ողբերգութեան համազօր հետեւանքներ։ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս յայտնեց, որ սա սարսափելի երկաթուղային վթար մըն է եւ աննախադէպ՝ երկրին մէջ։ Վարչապետը տեղեկացուց, որ արկածը պատահած է, ըստ էութեան, մարդկային ողբերգական սխալի մը հետեւանքով։

Միջազգային աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Լարիսա քաղաքի կայարանի հսկիչը այս դէպքէն վերջ ձերբակալուած է։ Ան կը մեղադրուի անփութութեան հետեւանքով սպանութեան պատճառ դառնալու մէջ։ Քննիչները կը փորձեն պարզել, թէ ինչու երկու գնացքները գտնուած են նոյն գիծին վրայ։

Աթէնքէն Թեսաղոնիկէ ուղեւորուած գնացքին մէջ կար 350 հոգի։ Ճամբորդներուն մեծամասնութիւնը արձակուրդէ վերադարձող ուսանողներ կը կազմէր։ Յունաստանի հրշէջ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ յիսունեօթ հոգի տակաւին հիւանդանոցի մէջ կը գտնուի։ Անոնցմէ վեցը խտացեալ խնամքի տակ է։ Տասնհինգ ուղեւոր բուժուելէ վերջ արդէն հիւանդանոցէն դուրս եկած է։

Այս ողբերգական դէպքէն վերջ, Յունաստանի ենթակառուցուածքներու եւ փոխադրութեան նախարարը հրաժարական ներկայացուցած է։ Ան յայտնած է, որ անկարելի է շարունակել այնպէս, կարծես, ոչինչ պատահած է։

Ցաւալի դէպքին հետեւանքով Յունաստանի մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարուած է։

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2023