ԱՌԱՆՁԻՆ ԶՐՈՅՑՆԵՐ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Հարկ է նշել, որ Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքը, որու ծիրէն ներս կազմակերպուեցան Լաւրով-Այվազեան եւ Լաւրով-Պայրամով հանդիպումները։ Մոսկուայի դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդեցին, որ հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրադրութեան վերաբերեալ հարցեր։ Նախարարները անդրադարձան Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյացած վերջին համաձայնութիւններու իրագործման ընթացքին։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս ուշադրութեան առարկայ դարձան Արցախի մարդասիրական խնդիրներու կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանէ ներս տնտեսական կապերու եւ փոխադրութեան հաղորդակցութեան ապաշրջափակումը։

Տարածքաշրջանէ ներս տնտեսական եւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակման առընթեր, Այվազեան եւ Լաւրով կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի համագործակցութեան այժմու հարցերուն շուրջ։ Անոնք այս ամբողջին մէջ խօսեցան բարձր մակարդակով կապերու եւ Երեւան-Մոսկուա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման երեսնամեակի մօտալուտ յոբելեանի նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ։ Նախարարները դիտարկեցին նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ՝ միջազգային օրակարգի առանձին նիւթեր։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, առանձնազրոյցի ընթացքին Արա Այվազեան շեշտեց, որ Ատրպէյճան հրադադարի յայտարարութիւնով ստանձնած պարտաւորութիւնները կոպտագոյնս խախտելով կը պահէ հայ ռազմագերիները եւ պատանդներ, որոնց անյապաղ հայրենադարձումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Այվազեան լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական կոթողներու միտումնաւոր թիրախաւորման շուրջ։ Ըստ իրեն, հրատապ կը համարուի այդ ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ զանազան ձեւաչափերով քայլերու ձեռնարկելը։ 

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԶԱԽԱՐՈՎԱ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ հերթական անգամ ընդգծեց Արցախի մշակութային եւ հոգեւոր կոթողներու պահպանութեան կարեւորութիւնը։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Մեխակաւանի եւ Շուշիի մէջ վերջերս ոչնչացուած հայկական եկեղեցիներու հարցին։ «Կը վերահաստատենք տարածքաշրջանէ ներս ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութեան շուտափոյթ կազմակերպման կարեւորութիւնը», ըսաւ բանբերը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 2, 2021