ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ ԱՅՑԸ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Հնդկաս­տան, ուր շփում­ներ ու­նե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Հնդկաս­տա­նի Նա­խա­գահ Փրա­նապ Մու­խեր­ճի Նոր Տել­հիի մէջ ընթ­րիք մը սար­քեց ի պա­տիւ Էր­տո­ղա­նին, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ իր եր­կի­րը։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րու տե­սակ­ցու­թեան եւ միւս բո­լոր հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը։

Նոր Տել­հիի մէջ Հնդկաս­տա­նի Վար­չա­պետ Մո­տիի հետ եւս հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Էր­տո­ղան։ Այս տե­սակ­ցու­թե­նէն վերջ սար­քուե­ցաւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։

Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հնդկաս­տա­նի վար­չա­պե­տը Էր­տո­ղա­նին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց իր կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ մշա­կուած բնա­կա­րա­նա­շի­նու­թեան ծրագ­րե­րուն շուրջ եւ մտադ­րու­թիւն յայտ­նեց այդ աշ­խա­տանք­նե­րուն Թուր­քիա­յէն շի­նա­րար­ներ ընդգր­կե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017