ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆԻ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ կլոր սե­ղա­նի ձե­ւա­չա­փով քննար­կում մը, որ խո­րագ­րուած էր՝ «Սփիւռ­քի զօ­րակ­ցու­թեամբ»։ Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, Փոխ-նա­խա­րար Սերժ Սրա­պիո­նեան, նա­խա­րա­րու­թեան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին բա­ժան­մունք­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, սփիւ­քա­հայ յայտ­նի բա­րե­րար­ներ, գոր­ծա­րար­ներ ու ներդ­րող­ներ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս քննար­կու­մին։

Ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ ընդգծեց, թէ ի­րենց նպա­տակն է վե­րա­հա­սու դառ­նալ Հա­յաս­տա­նի մէջ յա­ջո­ղու­թեան հա­սած սփիւռ­քա­հա­յե­րու ո­դի­սա­կա­նին, նաեւ հար­ցե­րուն։ Իր կար­գին, Սերժ Սրա­պիո­նեանն ալ նշեց, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ սփիւռ­քա­հայ ներդ­րող­նե­րու ներ­կա­յու­թեան՝ երկ­րի տնտե­սա­կան կեան­քէն ներս։

Քննարկ­ման տե­ւո­ղու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան ընդ­հա­նուր ըն­թաց­քին եւ այդ ամ­բող­ջին մէջ Սփիւռ­քի կա­ռոյց­նե­րուն կամ ան­հատ ձեռ­նե­րէց­նե­րուն ըն­ձե­ռուած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017