ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները հերթական անգամ ահազանգ հնչեցուցին Սուրբ քաղաքէ ներս քրիստոնեաներու ներկայութեան վտանգուած ըլլալուն շուրջ։ «The Guardian»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի հին քաղաքի քրիստոնեաները յայտարարեցին, որ այնտեղ իրենց ներկայութիւնը վտանգի տակ է՝ ահաբեկումներու եւ հրեայ վերաբնակներու կողմէ սեփականութեան ձեռքբերման ուղղեալ քաղաքականութեան հետեւանքով։ Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդները մատնանշեցին, որ հոգեւորականներու դէմ կը հնչեն բանաւոր վիրաւորանքներ, անոնց վրայ կը թքնեն, իսկ կալուածները կ՚ենթարկուին վանտալիզմի։ Այս տարի լարուածութիւնը աճած է Հին քաղաքի քը-րիստոնէական եւ հայկական թաղամասերէն ներս։

Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները ընդգծած են, որ անոնք երեք ճակատներով յարձակման կ՚ենթարկուին. արմատական վերաբնակներու կողմէ սանձազերծուած պատերազմը, Երուսաղէմի քաղաքապետարանի խորհուրդին կողմէ տուրքի աննախադէպ պահանջները եւ վաճառքի համար դրուած եկեղեցական հողերը օտարելու թոյլտուութեան առաջարկը։ «Այսօր եկեղեցիները ամենալուրջ սպառ-նալիքներու դէմ յանդիման կը մնան վերաբնակեցուած որոշ խումբերու կողմէ։ Վերաբնակիչները հետեւողականօրէն կը փորձեն ջնջել Երուսաղէմի մէջ քրիստոնեայ համայնքի ներկայութիւնը», յայտնած է Թէոֆիլոս Գ. յոյն ուղղափառ պատրիարքը։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան նշած է, որ այս արմատական խումբերը չափազանց կազմակերպուած են։ «Վերջին տարիներուն մենք ականատես եղած ենք աննախադէպ քանակութեամբ եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու պղծումներու, վանտալիզմի դէպքերու։ Աւելի ու աւելի շատ հոգեւորականներ եւ տեղացի հաւատացեալներ կը հաղորդեն յարձակումներու ենթարկուելու մասին։ Իշխանութիւնները այս դէպքերուն առընչութեամբ ըստ էութեան որեւէ հետաքննութիւն չեն իրականացներ», ըսած է յունաց պատրիարքը ու միեւնոյն ժամանակ խոր մտահոգութիւն յայտնած՝ Եաֆայի դարպասներու քրիստոնէական եւ հայկական թաղամասերու հիմնական մուտքի մօտակայքին եկեղեցապատկան կալւածի մը համար հսկողութիւն ստանալու փորձերուն շուրջ։

«The Guardian» կը յիշեցնէ, որ անցեալ Փետրուարին քրիստոնէական եկեղեցիները որոշած էին փակել Ս. Յարութեան տաճարը՝ ի նշան բողոքի։

Չորեքշաբթի, Մայիս 2, 2018