ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՄԱՐԿՈՒԻ

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի վաղը պիտի այցելէ Դամասկոս, ուր պիտի հիւրընկալուի Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Վերջին անգամ 2010 թուականին Իրանի նախկին նախագահներէն Մահմուտ Ահմետինեճատ այցելած էր Սուրիա։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Իպրահիմ Ռայիսիին կ՚ընկերանայ պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ կը գտնուին թէ՛ քաղաքական եւ թէ տնտեսական բաժանմունքներէ դէմքեր։ 2011 թուականին սկսած Սուրիոյ ներքին պատերազմին հետեւանքով խզուած էին Իրանի հետ յարաբերութիւնները։ Այժմ Թեհրան-Դամասկոս առանցքին վրայ բնականոնացման հասնելու առաջադրութեամբ կ՚առնուին շարք մը քայլեր, որոնց ի շարունակութիւն տեղի պիտի ունենայ վաղուան բարձր մակարդակի այցելութիւնը։

Ներկայիս Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման համար ալ կը շարունակուի գործընթաց մը, որու ծիրէն ներս վերջին բանակցութիւնները տեղի ունեցած էին անցեալ շաբաթ Մոսկուայի մէջ, Ռուսաստանի եւ Իրանի ալ մասնակցութեամբ։

Միւս կողմէ, Արաբական լիկայի երկիրները կոչ ուղղեցին, որպէսզի բոլոր օտար ուժերը դուրս բերուին Սուրիայէն։

Յորդանանի մայրաքաղաքը՝ Ամմանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ կարեւոր ժողով մը, որպէսզի 12 տարուան ներքին պատերազմէ վերջ Սուրիա կարողանայ վերադառնալ Արաբական լիկային, որ կարեւոր տարածաշրջանային կազմակերպութիւն մըն է։ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Էյմէն Էս-Սաֆետիի տանտիրութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին մասնակցեցան Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարները։ Սուրիան ներկայացուց արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Միքթատ։ Յորդանանի դիւանագիտական աղբիւրները ներկայացուցին, որ այս հաւաքոյթը՝ անցեալ ամիս Սէուտական Արաբիոյ մէջ իրականացած առաջին փուլի բանակցութիւններու շարունակութեան բնոյթը ունէր։ Ամմանի մէջ նախ Յորդանանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարները ունեցած են երկկողմանի հանդիպում մը, իսկ յետոյ յաջորդած են բոլորով բանակցութիւնները, որոնց մասնակից երկիրները կը ձգտին յարաբերութիւնները զարգացնել Դամասկոսի հետ։

Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ներկայ ամսուան 19-ին ժողով մը պիտի գումարեն Սէուտական Արաբիոյ մէջ։ Ամենայն հաւանականութեամբ այդ հաւաքին ընթացքին վերահաստատուի Սուրիոյ անդամակցութիւնը։ Յորդանանի հանդիպումը այս ժողովին ընդառաջ կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Բանակցութիւններու մասնակիցները հանդէս եկան Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման ի նպաստ։ «Անհրաժեշտ է աջակցիլ Սուրիոյ եւ անոր հաստատութիւններուն՝ տարածքներու նկատմամբ հսկողութիւնը վերընդլայնելու եւ անոր գործերուն արտաքին միջամտութիւնը դադրեցնելու ջանքերուն մէջ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ Շեշտուած է նաեւ, որ քաղաքական լուծումը պէտք է ապահովէ՝ Սուրիոյ մէջ ապօրինի ձեւով ներկայ բոլոր օտար ուժերու դուրս բերուիլը։

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2023