21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԻ Բ. ՀԱՏՈՐԸ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղը այս շրջանին ձեռնարկած է մատենաշարի մը հրատարակութեան։ «21-րդ դարու հայ գրականութիւն» կը կոչուի այս մատենաշարը, որու երկրորդ հատորը անուանուած է «Ձայն հիւսիսային»։ Գիրքին մէջ ներառուած են վեց երկիրներէ երեսուն հայ գրողներ։ Այդ վեց երկիրներն են՝ Աբխազիա, Էսթոնիա, Լաթվիա, Սպիտակ Ռուսիա, Վրաստան եւ Ռուսաստան։ Երեք տասնեակ հեղինակներու այս հատընտիրը կազմած է՝ Երեւանէն գրականագէտ Արմէն Աւանէսեան։ Սա մատենաշարի հետաքրքրական հատորներէն մին է՝ քանի վերոյիշեալ երկիրներուն մէջ, քանի մը բացառութիւնով, ո՛չ միայն հայ պարբերական մամուլ չի գործեր, այլեւ ընդհանրացած իմաստով կազմակերպուած հայկական կեանք ալ գոյութիւն չունի։

Հարկ է նշել, որ այս մատենաշարի առաջին հատորը ձօնուած էր Արցախի գրողներուն։ Երկու հատորներն ալ կարելի է ապահովել՝ առցանց վաճառքով։

Հաւանական է, որ մատենաշարի յաջորդ հատորներէն մին ձօնուի նաեւ պոլսահայ գրականութեան։

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2023