ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քե­րով կը ծա­ւա­լէ հրա­տա­րակ­չա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ տա­րի նա­խա­րա­րու­թեան պա­տուէ­րով հրա­տա­րա­կուած գիր­քե­րուն շնոր­հան­դէ­սը։ Այս առ­թիւ մաս­նա­ւոր հա­ւա­քոյ­թով մը հա­ւա­քա­բար ներ­կա­յա­ցուե­ցան նա­խա­րա­րու­թեան խրա­խու­սան­քով լոյս ըն­ծա­յուած գոր­ծե­րը, ո­րոնց իւ­րա­քան­չիւ­րը կը վե­րա­բե­րի հե­տա-քըրք­րա­կան նիւ­թե­րու։

Ե­րէ­կուան գի­նե­ձօ­նի հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, թէ իւ­րա­քան­չիւր տա­րի կ՚ա­ւել­նայ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուն թի­ւը, ա­ւե­լի՛ն, այդ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը կը դառ­նան ա­ռա­ւել թի­րա­խա­յին։ Յա­կո­բեան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց իր նա­խա­րա­րու­թեան եւ այլ շարք մը կա­ռոյց­նե­րու մի­ջեւ ստեղ­ծուած ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բե­րու­մով։ Ան այդ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու շար­քին թուար­կեց՝ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միան, Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նը, «Նո­րա­վանք» գի­տակր­թա­կան հիմ­նար­կը, Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նը ե­ւայլն։

Ա­ւե­լի վերջ շնոր­հան­դէ­սին մաս­նա­կից զա­նա­զան գիտ­նա­կան­ներ զե­կու­ցում­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին ներ­կա­յա­ցուած գոր­ծե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։

 

 

 

 

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015