ԽԱՂԱՂ ՃԱՄԲՈՎ ԼՈՒԾՈՒՄ
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչ այսօր Երեւան կը ժամանէ՝ դէպի Հարաւային Կովկաս ձեռնարկած ուղեւորութեան շրջագծով։ Հայաստան հասնելէ առաջ ան այցելեց Ատրպէյճան եւ Վրաստան։ Պաքուի մէջ ան Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շօշափեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Տաչիչ յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը հնարաւոր է քաղաքական կամքի գոյութեան պարագային։
Տաչիչ համոզուած է, որ հակամարտութեան կարգաւորման միակ ուղին խաղաղ ճանապարհն է եւ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է բոլոր կողմերուն քաղաքական կամքը։ «Կը հաւատամ, որ Մինսքեան խմբակի համանախագահներու եւ յատուկ ներկայացուցիչի ջանքերով մենք կրնանք հասնիլ երկարատեւ կարգաւորման», ըսաւ Տաչիչ եւ ընդգծեց Մինսքեան խմբակի անդամ երկիրներուն կողմէ ստանձնուած պարտականութիւնները աներկբայ իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ ան կարեւորեց Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի դրութիւնները կեանքի կոչելու եւ երկակի չափանիշներէն խուսափելու անհրաժեշտութիւնը։