«ԵՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏՕՆ Է» ԵՒ…
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Մանկական գիրքի փառատօն, որու պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ երէկ։ Երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան զուգադիպեցաւ այս փառատօնի բացումը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ «Երբ գիրքը տօն է» կարգախօսով նախատեսուած է փառատօնը, որու ծիրէն ներս պատանի ընթերցողներուն համար նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ։
Մինչ այդ, «Զանգակ» հրատարակչութիւնն ալ այս ամբողջին մէջ ուշագրաւ նախաձեռնութիւնով մը հանդէս եկած է։ Այսպէս, հրատարակչատունը պատանի ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է Ճոէն Ռոուլինկի «Հերի Փոթըր» վիպաշարի հինգերորդ հատորի հայերէն թարգմանութիւնը, որ կը կրէ «Հերի Փոթըրը եւ Փիւնիկի միաբանութիւնը» անունը։ Այսպէսով «Զանգակ»ը ազդարարեց «Ամառնային ընթերցանութիւն 2022»ի մեկնարկը։