ԴՐԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ շփումները դրական հունի մը մէջ կ՚ընթանան՝ «Ֆ-16» ռազմաօդային կործանիչներու վերաբերեալ հարցերու յաղթահարման ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու վերջին քննարկումները անցած են դրական մթնոլորտի մը մէջ։

Հուլուսի Աքարի բացատրութիւններով, ԱՄՆ-էն նոր կործանիչներ ձեռք բերելու ուղղեալ մատակարարման գործընթացը կը շարունակուի։ Այլ ռազմաօդանաւերու արդիականացման համար ալ աշխատանքներ յառաջ կը տարուին՝ ըստ ընթացակարգի մը։ «Մենք կը հաւատանք, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները այս հարցին շուրջ իր դաշնակից Թուրքիոյ կարիքները պիտի դիմագրաւէ։ Համատեղ պաշտպանութեան եւ միասնական աշխատունակութեան առումով կը հաւատանք, թէ ԱՄՆ-ի ղեկավարութիւնը այս բոլորը պիտի չանտեսէ», ըսաւ Հուլուսի Աքար։

Բաց աստի, նախարարը նշեց, որ Թուրքիայէն եւ ԱՄՆ-էն պատուիրակութիւններ այս հարցին շուրջ փոխանակած են այցելութիւններ։ ԱՄՆ մեկնած թրքական պատուիրակութիւնը քոնկրէսի շրջանակներուն հետ ալ ունեցած է շփումներ։ Այս բոլորը դրական մթնոլորտի մը մէջ ընթացած է եւ յարմար գետին մը ստեղծուած՝ գործընթացի շարունակութեան համար։  

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2022