ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Ս. Երկոտասան Առաքելոց տօնը։ Հայաստանի մէջ այս տարուան տօնակատարութիւնները ունեցան յաւելեալ երանգ մը։ Արդարեւ, հաւատացեալները աւանդական տօնակատարութիւնները վերածեցին առիթի մը՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին նկատմամբ իրենց որդիական անվերապահ աջակցութիւնը արտայայտելու համար։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին երեք հոգեւորականներու կողմէ առաջնորդուած խումբ մը մարդիկ անհասկնալիօրէն կը պահանջեն Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը։ Այդ խումբը ցոյցեր կ՚իրականացնէ Երեւանի մէջ՝ սակաւաթիւ ցուցարարներու մասնակցութեամբ։ Նոյն խումբը որոշած էր շաբաթավերջին ցոյց մըն ալ ընել Էջմիածնի հրապարակին վրայ։ Ասոր փոխարէն, ծնունդ առաւ ուրիշ շարժում մը՝ որպէսզի Հայաստանի բոլոր թեմերէն հաւատացեալներ հաւաքուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ ի զօրակցութիւն Նորին Սրբութեան։ Վեհափառ Հայրապետը այս իրավիճակին մէջ կոչ ուղղած էր՝ երկու հաւաքներն ալ չիրականացնել։ Յամենայնդէպս, Նորին Սրբութեան հրաժարականը պահանջող սակաւաթիւ ցուցարարները ընթացք չտուին Վեհափառ Հայրապետի կոչին եւ համախմբուեցան Էջմիածին քաղաքի հրապարակին վրայ։ Իսկ Վեհափառ Հայրապետին զօրակցութիւն յայտնել փափաքողները՝ իր կոչին անսալով չհաւաքուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, սակայն 12 առաքեալներու ձօնուած տօնի արարողութիւններուն առթիւ համախմբուեցան Երեւանի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Վեհափառ Հայրապետն ալ անակնկալօրէն մասնակցեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ տօնակատարութիւններուն, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ վերջին շրջանին իրեն դէմ արտայայտուած պահանջներուն։ Երեւանի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ Ամենայն Հայոց Հայրապետը ըսաւ հետեւեալը.

Մեր լուսեղէն հաւատքը մենք դարձուցինք մեր մորթի գոյնը՝ հռչակելով, որ այդ հաւատքը մեր ինքնութիւնն է, մեր էութիւնն է: Մենք հռչակեցինք մեզ Տիրոջ հաւատարիմ սեփական ժողովուրդ: Մեր հաւատքով մենք զօրացանք, մեր հաւատքով մենք դիմակայեցինք բոլոր փորձութիւններն ու դժուարութիւնները մեր կեանքի: Կերտեցինք մեր յաղթանակները, ինչպէս Աւարայրի, այնպէս ալ Արցախի մէջ:  Այդ հաւատքով մենք վեր յառնեցանք մահուան գուբէն եւ կերտեցինք հայոց անկախ պետականութիւնը, որու 100-ամեակը մենք կը նշենք այս տարի:  Մենք փառք եւ գովութիւն կը մատուցենք,  որ դժուարին ժամանակները այլեւս մնացած են ետին, եւ մեր առջեւ կայ լուսաւոր հորիզոնը հայոց նոր կեանքի, պայծառ, շէն, բարօր կեանքի, զոր պիտի կերտենք մենք բոլորս ազգովին՝ եկեղեցի, ժողովուրդ, պետութիւն՝ կրկին ապաւինած մեր զօրեղ հաւատքին, ապաւինած մենք մեզի, մեր Տիրոջը, մեր երկնաւոր Հօրը, մեր Աստուծոյ:

Եկեղեցական մեր կեանքը որոշ անհանգիստ վիճակ մը կ՚ապրի: Խումբ մը հայորդիներ բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպեն՝ պահանջելով Հայոց Հայրապետի հրաժարականը: Եւ դուք հոս էք, որպէսզի ի պատասխան անոնց ձեր զօրակցութիւնը յայտնեք Հայոց Հայրապետին, որու համար մենք մեր գնահատանքը բերած ենք մեր հոգեւոր հայրերուն եւ ձեզի՝ սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ: Եւ կը փափաքինք, որ դուք անհանգստութիւն չապրիք: Մենք վստահ ենք, որ Տիրոջ օգնականութեամբ այս երեւոյթը նոյնպէս պիտի հարթուի, լուծում պիտի գտնէ եւ պիտի վերականգնուի խաղաղութիւնը հայ հաւատացեալի հոգւոյն մէջ եւ մենք աստուածապաւինութեամբ պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, պիտի պայծառացնենք մեր եկեղեցին, պիտի շէնացնենք մեր հայրենիքը՝ մեր աղօթքը առատացնելով մեր եկեղեցիներու եւ մեր հոգիներու մէջ:

Բաց աստի, յամենայնդէպս, շաբաթավերջին յարաբերաբար աւելի սահմանափակ թիւով խումբեր համախմբուեցան Մայրավանքի տարածքէն ներս՝ իրենց որդիական զօրակցութիւնը արտայայտելու համար Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ։ Պատանիներ եւ երիտասարդներ ալ կային անոնց շարքին։ Վեհափառ Հայրապետը այդ խումբերուն շինիչ յորդորներ ուղղեց Մայրավանքի տարածքէն ներս, զանազան կէտերու վրայ. օրինակ՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի, վեհարանի եւ դիւանատան անմիջական շրջափակի տարածքները։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնները ստանալու համար համախմբուած պատանիներէն ու երիտասարդներէն ոմանք հանդէս եկան նաեւ պարերով։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 2, 2018