ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՆՑՈՒՄ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ԴԷՊԻ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Թուրքիա այսօր կը դիմաւորէ կարեւոր շաբաթ մը, որ պիտի բնորոշէ դէպի պետական կառավարման նոր համակարգ անցումը։ Նախագահական կառավարման դրութեան տեսակէտէ անկիւնադարձային կը համարուի անցումի այս փուլը։ Ամենայն հաւանականութեամբ ներկայ շաբթուան տեւողութեան պիտի հրապարակուին շարք մը օրէնքի համազօր հրամանագրեր։ Առաջին փուլին կը նախատեսուի երեք տարբեր հրամանագրի հրապարակումը։ Անոնցմէ առաջին երկուքը պիտի հրապարակուին այժմու կառավարութեան կողմէ, իսկ երրորդը՝ հանրապետութեան նախագահին կողմէ։ Այսպէսով Թուրքիա պիտի ծանօթանայ համար 1 նախագահական հրամանագրին։

Տեղական մամուլը վերջին օրերուն մանրամասն տեղեկութիւններ կը հաղորդէ անցումային գործընթացին կապակցութեամբ։ Նոյն ամբողջին մէջ կը նախատեսուին բազում նշանակումներ, որոնք պիտի բնորոշեն պետական աւագանիի նոր դիմագիծը, բարձրաստիճան դիւանակալներով հանդերձ։

Պեշթեփէի համալիրի աղբիւրներու հաղորդումներով, առաջին հերթին պիտի կատարուին կարգադրութիւններ, որոնք պիտի ապահովեն կառավարման նոր համակարգին բանիլը։ Յաջորդող փուլերուն նոր համակարգի վերաբերեալ միւս գործադրութիւններն ալ շրջանառութեան մէջ պիտի մտնեն աստիճանաբար։

Երկուշաբթի, Յուլիս 2, 2018