ԱՆՆԱ ՉՈՒԼԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ CENL-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան վերջերս մասնակցեցաւ Եւրոպայի Ազգային գրադարաններու (CENL) տարեկան ընդհանուր ժողովին։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Ազգային գրադարանը կը հանդիսանայ CENL-ի անդամ։

Համաժողովին մասնակցեցան աւելի քան 35 երկիրներու ազգային գրադարաններու տնօրէններ կամ ներկայացուցիչներ։ Ընդհանուր ժողովի ընթացքին քննարկման նիւթ դարձան՝ ազգային գրադարաններու դերն ու նշանակութիւնը արդի հասարակութեան մէջ, անոնց ծագման պատմութեան կարեւորութիւնը եւ այլն։ Ժողովական պատուիրակները կանգ առին նաեւ CENL-ի 2023-2027 թուականներու ռազմավարական ծրագրին ու գործողութիւններու նախագծին վրայ։ Այս ամբողջին մէջ շօշափուեցան ազգային գրադարաններու կողմէ սահմանուած ռազմավարական առաջնահերթութիւնները։

Համաժողովի օրակարգին մաս կազմեց նաեւ Գրադարանային ընկերակցութիւններու միջազգային դաշնակցութեան (IFLA) կողմէ համաշխարհային գրեթէ բոլոր գրադարաններու քարտէսագրման գործընթացը։ Աշխարհի գրադարանային քարտէսին վրայ Հայաստանի միջազգային դերակատարութեան մակարդակը բաւական բարձր է։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2022