ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄԻՇՏ ԼԱՒԱՏԵՍ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան ձեռքբերման բացառիկ հնարաւորութիւն գոյութիւն ունի։ Իր խօսքով՝ սա կրնայ դադրեցնել տասնամեակներ տեւած հակամարտութիւնը։ «Կը կարծեմ՝ տարածաշրջանէն ներս հսկայական հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին տնտեսական կապերու, տնտեսական աճի, արեւելքի եւ արեւմուտքի, հարաւի եւ հիւսիսի երկիրներու միջեւ կապերու հաստատման տեսակէտէ», նշեց Պլինքըն եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճան պէտք է վճռորոշ դեր խաղայ այս ուղղութեամբ։ Պետական քարտուղարը նշեց, որ Ուաշինկթըն աշխուժօրէն հետամուտ է դիւանագիտական ճանապարհով՝ Երեւանն ու Պաքուն խաղաղութեան համաձայնագրերուն մօտեցնելու ջանքերով։ «Ես կը կարծեմ, թէ սա իսկապէս այժմ հասանելի է», նշեց Պլինքըն՝ շեշտելով, որ շուրջ շաբաթ մը առաջ այս մասին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ ալ խօսած է։ «Կը կարծեմ՝ սա իրագործելի է ու լիովին կը համապատասխանէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներու, ինչպէս նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի շահերու», եզրափակեց ան։

Հարկ է նշել, որ ԱՄՆ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հրաւիրած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին, որ յաջորդ շաբաթ տեղի պիտի ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Հակառակ Պլինքընի լաւատես յայտարարութիւններուն՝ Ալիեւ շարունակ կը պնդէ, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապայմանն է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։ Ամերիկեան կողմը ներկայիս կը ծրագրէ Ուաշինկթընի մէջ նոր բանակցութիւններ ապահովել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

Միւս կողմէ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Երեւան եւ Պաքու սահմանուած ժամկէտի աւարտին չեն համաձայնեցուցած սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգի նախագիծը։ Յամենայնդէպս, յանձնաժողովները փոխանակած են նոր նախագծեր։

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024