ՊԵՏԱԿԱՆ ՇԱՀԸ

Եթէ լրագրողը կամ հրապարակախօսը յօդուած կը գրէ, ցանկալի է, ի հարկէ, որ ան ամէն բան իր գլխէն չբստրէ, խելքին փչածը նոյն պահուն չշարադրէ: Լաւ կ՚ըլլայ, ինչպէս կ՚ըսեն, իրականութեան հետ հաշուի նստիլ, նաեւ ճշդել փաստերը մասնագէտներու հետ: Բայց, ի վերջոյ, իմ՝ որպէս լրագրող, պատասխանատուութիւնը սահմանափակ է: Ով կ՚ուզէ, իմ գրածները կը կարդայ, ով չ՚ուզեր, չի կարդար, մէկը կը հաւնի, միւսը՝ ոչ:

Պետական գործիչի պարագան այլ է՝ ան պատասխան կու տայ իր երկրի քաղաքացիներու անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան համար: Եթէ, օրինակ, Ճօ Պայտըն ուզէ իր կարծիքը յայտնել կրօնի եւ հաւատի մասին, ան կը խորհրդակցի փորձագէտներու հետ, որպէսզի չվտանգէ միլիոնաւոր մարդոց շահերը, չվիրաւորէ անոնց զգացումները, աւելորդ կիրքեր չբորբոքէ:

Եթէ Մաքրոն որոշէ խօսիլ, ըսենք, Նափոլէոնի մասին, իր անձնակազմը հաստատ տեղեկանք կը խնդրէ պատմաբաններէ: Իսկ եթէ առանց որեւէ տեղեկանքի ազգային ժողովին մէջ յայտարարէ, որ ինքը՝ Մաքրոնը եւ Նափոլէոնը հանճարեղ զօրավարներ էին, ապա Ֆրանսայի հասարակութիւնը լրջօրէն կը մտահոգուի իր նախագահի հոգեկան առողջութեամբ:

…Հայ եպիսկոպոսները (Գրիգոր Լուսաւորչէն սկսեալ), կը պարզուի, Կեսարիոյ մէջ օծուելու հետեւանքով կը դառնային «5-րդ շարասիւն» եւ կը պայքարէին հայոց ինքնիշխանութեան դէմ: Կը հասկնամ, որ Հայաստանի մէջ չկան այն լուրջ վերլուծական կեդրոնները, որոնք ծաւալուն տեղեկանք կը տրամադրեն առաջին դէմքին: Բայց լաւ պատմաբաններ մեր երկրին մէջ կան եւ անոնք կը բացատրէին, որ ոչ միայն հայ, այլեւ բոլոր քրիստոնեայ եպիսկոպոսները օծուած են, այսպէս կոչուած, «նուիրապետական աթոռներու մէջ»: Եւ, կը կարծեմ, աւելի կարեւոր է՝ հնարաւոր չէ 21-րդ դարու՝ ազգային պետութեան եւ ինքնիշխանութեան մասին պատկերացումներով գնահատել 4-6-րդ դարերու իրադարձութիւնները:

Այսրոպէական քաղաքական քոնժոնքթիւրէ ելլելով՝ օրուայ իշխանութեան դիւր չեկող երկու եպիսկոպոսներուն «խփելու» համար հաստատ չ՚արժեր մտնել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ կապուած զգայուն եւ բարդ խնդիրներու մէջ:

…Կամ՝ կը պարզուի, ՀԱՊԿ-ի առնուազն երկու երկիրները կը մասնակցէին մեր դէմ պատերազմի նախապատրաստման: Սա ի՞նչ է՝ գայթակղեցուցիչ բացայայտում՝ քաղուած «հաւաստի՞ աղբիւրէ»: Բայց սա կ՚ըսէ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկրի ղեկավարը, որը շփումներ ունեցած է այդ երկիրներու ղեկավարներու հետ, կան դիւանագիտական եւ բազմաթիւ այլ խողովակներ: Հետեւաբար, Հայաստանի վարչապետը ամէն ինչ պէտք է ընէր, որպէսզի յիշեալ պետութիւնները այդ վարքագիծը չդրսեւորէին (եթէ, ի հարկէ, անոր տեղեկութիւնները ճիշդ են): Ոչ թէ ձերբակալէր ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը: Դարձեալ այսրոպէական խնդիրներ լուծելու համար, ինչպէս նաեւ՝ ոչ-հասուն մարդուն յատուկ ինքնահաստատման ձգտումներէն ելլելով:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024