ՋՐԱՅԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՇՏԱՐԱԿ

Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Սեւանայ լճի ապագան» խորագրեալ հաւաքոյթ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շրջադարձային գագաթաժողով մըն էր այս մէկը, որ համախմբեց փորձագէտներ, գիտնականներ, քաղաքականութիւն մշակողներ եւ այլ դէմքեր։ Այս հաւաքոյթի նպատակն էր ներառական ու մասնագիտական քննարկումներով ձեւակերպել յստակ առաջարկներ՝ Սեւանայ լճի ապագային համար բարենպաստ պայմաններու ապահովման վերաբերեալ։

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանէն ներս կազմակերպուած քննարկումներու հիմնական ատենախօսներէն մին էր Հեմհոլցի շրջակայ միջավայրի հետազօտութիւններու կեդրոնի լճային ուսումնասիրութիւններու բաժնի ղեկավար Քարստէն Ռինքէ, որ Հայաստանի ջրային աշտարակը որակեց Սեւանայ լիճը՝ բացատրելով անոր կարեւորութիւնը, գեղեցկութիւնը, նաեւ փխրուն կամ խոցելի կէտերը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024