ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ ե­րէկ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի եւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիի հետ։ Ծա­նօթ է, որ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն ան­մի­ջա­պէս վերջ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ հիւ­րըն­կա­լած էր ընդ­դի­մա­դիր ղե­կա­վար­նե­րը։ Երկ­րէն ներս ստեղ­ծուած ու մա­նա­ւանդ միջ­կու­սակ­ցա­կան հար­թու­թեան վրայ զգա­լի դար­ձած զօ­րակ­ցու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ վար­չա­պե­տը փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­ներ տուաւ ՃՀՓ­-ի եւ ՄՀՓ­-ի կեդ­րոն­նե­րը։

Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Եըլ­տը­րըմ-Քը­լըչ­տա­րօղ­լու զրոյ­ցին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ար­տա­կարգ դրու­թեան շրջագ­ծով առ­նուած քայ­լե­րը։ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու մաս­նա­ւո­րա­պէս քննա­դա­տու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ըն­դու­նուած օ­րէն­քի հա­մա­զօր հրա­մա­նագ­րե­րուն շուրջ։ Ի պա­տաս­խան այդ բո­լո­րին՝ վար­չա­պե­տը ընդգ­ծեց, թէ պե­տա­կան հա­րուա­ծի վտան­գը տա­կա­ւին չէ յաղ­թա­հա­րուած եւ ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րը կեդ­րո­նա­ցած են այդ ռիս­քը ամ­բող­ջու­թեամբ ան­հե­տաց­նե­լու վրայ։ Հե­տե­ւա­բար, այդ քայ­լե­րը կ՚առ­նուին այս նպա­տա­կով եւ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը մրցի ժա­մա­նա­կի հետ։ Վար­չա­պե­տը նշած է նաեւ, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կ՚ար­ձա­նագ­րեն ընդ­դի­մու­թեան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը։ 1 ժամ 10 վայր­կեան տե­ւած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին Եըլ­տը­րըմ եւ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կած են նաեւ ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հէն ներս ստեղ­ծուած ար­ձա­գանգ­նե­րուն շուրջ։

Մինչ այդ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանն ալ այս շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­նի­գա­բուի մէջ նա­խա­տե­սուած մեծ հան­րա­հա­ւա­քին հա­մար հրա­ւէր ուղ­ղեց նաեւ խորհր­դա­րա­նի ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն։ Այս­պէս, Էր­տո­ղան Քը­լըչ­տա­րօղ­լուն եւ Պահ­չե­լին հրա­ւի­րեց Ե­նի­գա­բուի հան­րա­հա­ւա­քին մաս­նակ­ցե­լու եւ այն­տեղ ե­լոյթ ու­նե­նա­լու։ Բնա­կա­նա­բար, ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րը՝ Վար­չա­պետ Եըլ­տը­րըմ եւս ու­նե­ցած է նման հրա­ւէր մը։ Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի եւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կեդ­րոն­նե­րուն մի­ջեւ այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ հրա­ւէր­նե­րը կը հա­մա­կար­գուին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ֆահ­րի Քա­սըր­կա­յի կող­մէ։ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի հետ ե­րէ­կուան տե­սակ­ցու­թե­նէն վերջ, Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուն ալ տե­ղե­կա­ցուց, որ կը հրա­ժա­րի Էր­տո­ղա­նի դէմ բա­ցած դա­տե­րէն եւ իր փաս­տա­բան­նե­րուն անհ­րա­ժեշտ հրա­հան­գը տուած է, որ­պէս­զի ետ քա­շուին այդ դա­տէն։

Միւս կող­մէ, Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըք ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, թէ այս տա­րի 30 Օ­գոս­տո­սի Յաղ­թա­նա­կի տօ­նին առ­թիւ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ տե­ղի պի­տի չու­նե­նան։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2016