ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Ճո­զըֆ Տան­ֆորտ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թուր­քիոյ մէջ։ Ան Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քէն ե­կաւ Թուր­քիա եւ իր ու­ղե­ւո­րու­թեան ա­ռա­ջին կան­գա­ռը հան­դի­սա­ցաւ Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խը։ Զօ­րա­վար Տան­ֆորտ այն­տեղ տե­սակ­ցե­ցաւ ա­մե­րի­կա­ցի զի­նուոր­նե­րու հետ եւ վե­րա­հա­սու դար­ձաւ ա­նոնց խնդիր­նե­րուն։

Ա­ւե­լի վերջ զօ­րա­վար Տան­ֆորտ ան­ցաւ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա, ուր հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի եւ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քա­րի հետ։ Ան­գա­րա­յի մէջ Տան­ֆորտ ա­նակն­կալ փո­փո­խու­թիւն մըն ալ կա­տա­րեց իր ծրագ­րին մէջ եւ այ­ցե­լեց Ազ­գա­յին մեր ժո­ղով։ Զօ­րա­վար Ա­քա­րի ու­ղեկ­ցու­թեամբ ան ա­կա­նա­տես ե­ղաւ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձին ժա­մա­նակ խորհր­դա­րա­նի վրայ գոր­ծուած յար­ձակ­ման ծանր հե­տե­ւանք­նե­րուն։

Ան­գա­րա­յի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պան Ճոն Պեսս,  ԱՔ կու­սակ­ցու­թե­նէն Մուս­թա­ֆա Է­լի­թաշ եւ Նա­ճի Պոս­թան­ճը ներ­կայ էին Տան­ֆոր­տի խորհր­դա­րան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան։ Ա­մե­րի­կա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կա­նը Ան­գա­րա­յի մէջ խստիւ պա­խա­րա­կեց ձա­խող յե­ղաշրջ­ման փոր­ձը։ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Իս­մա­յիլ Քահ­րա­մա­նի կող­մէ ալ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­րի­կա­ցի զօ­րա­վա­րը, որ յայտ­նեց, թէ թուրք ժո­ղո­վուր­դի քա­ջու­թիւ­նը խոր տպա­ւո­րու­թիւն թո­ղած է իր վրայ։ Ըստ ի­րեն, խորհր­դա­րա­նի ռմբա­կոծ­ման ժա­մա­նակ ե­րես­փո­խան­նե­րը եւս աշ­խա­տած են քա­ջօ­րէն, ինչ որ դար­ձեալ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է իր վրայ։

Զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար ե­րէկ իր ա­մե­րի­կա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին ներ­կա­յա­ցուց ծա­ւա­լուն թղթած­րար մը՝ ա­հա­բեկ­չա­կան զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցի՝ ՖԵ­ԹԷՕ-ի ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան ա­ռըն­չու­թեամբ։ Ծա­նօթ է, ՖԵ­ԹԷՕ-ի ղե­կա­վա­րը Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէն տա­րի­նե­րէ ի վեր կը գտնուի ԱՄՆ-ի մէջ եւ Թուր­քիա վեր­ջին շրջա­նին յա­մա­ռօ­րէն կը պա­հան­ջէ ա­նոր ար­տա­յանձ­նուի­լը։ Ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծը այս ա­ռու­մով լա­րուա­ծու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած է թուրք-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Հու­լու­սի Ա­քար Ճո­զըֆ Տան­ֆոր­տին ներ­կա­յա­ցուց փաս­տեր եւ խնդրեց ա­նոր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ որ­պէս­զի Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէն յանձ­նուի Թուր­քիոյ։ Իս­մա­յիլ Քահ­րա­մա­նի եւ Ճո­զըֆ Տան­ֆոր­տի դռնփակ հան­դի­պու­մը եւս ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ նոյն խնդրի քննարկ­ման։ 40 վայր­կեան տե­ւեց այդ զրոյ­ցը։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, շօ­շա­փուե­ցաւ Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի յանձն­ման խնդի­րը։

Թրքա­կան կող­մի պա­հանջ­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ Ճո­զըֆ Տան­ֆորտ ընդգ­ծեց, որ խնդի­րը պի­տի քննար­կուի ա­մե­րի­կեան ի­րա­ւուն­քի եւ դա­տա­կան հա­մա­կար­գի շրջագ­ծով։

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի հետ ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ալ Տան­ֆորտ ան­հանգս­տու­թիւն յայտ­նեց Թուր­քիոյ մէջ ստեղ­ծուած այն տպա­ւո­րու­թեան շուրջ, թէ ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծի ե­տին գտնուած է ԱՄՆ։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2016