ՍԱՐԳՍԵԱՆ. «ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՇՈՒՐՋ»

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան յայ­տա­րա­րեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդրի կար­գա­ւոր­ման ճա­նա­պար­հին միա­կող­մա­նի զի­ջում­ներ պի­տի չըլ­լան։

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ Սերժ Սարգ­սեան նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն դէմ­քե­րու, բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­կալ­նե­րու, հա­սա­րա­կու­թեան զա­նա­զան շեր­տե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րու հետ։ Ներ­կայ էր նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Այս հա­ւա­քոյ­թը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ՝ Ե­րե­ւա­նի մօ­տա­կայ­քին զի­նեալ «Սաս­նայ ծռեր» խմբա­ւոր­ման կող­մէ բռնագ­րա­ւուած ոս­տի­կա­նա­տան տա­րած­քի ա­զատ­ման բե­րու­մով։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան երկ­շա­բա­թեայ մտա­հո­գիչ դէպ­քե­րու լոյ­սին տակ փա­փա­քած էր խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ ը­նել։ Իր եր­կա­րա­շունչ ե­լոյ­թը ընդ­հան­րա­պէս Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ ըն­թա­ցաւ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ զի­նեալ­նե­րու ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րար­քին ժա­մա­նակ յա­ճախ շա­հա­գոր­ծուած էր նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը՝ Սերժ Սարգ­սեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ այս նիւ­թին։ Ան ը­սաւ հե­տե­ւեա­լը.

«Անդ­րա­դառ­նամ խնդրի մը եւս, ո­րու մա­սին մենք խօ­սած ենք բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ։ Խօսքս Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցի եւ, այս­պէս կո­չուած, «հո­ղեր յանձ­նե­լու» մա­սին է։ Ար­դէն թե­րեւս ան­հա­շուե­լի են մեր յստակ դիր­քո­րոշ­ման հրա­պա­րա­կա­յին հնչե­ցում­նե­րը ան­ձամբ իմ կող­մէ։ Կը կրկնեմ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդրի կար­գա­ւոր­ման ճա­նա­պար­հին միա­կող­մա­նի զի­ջում­ներ պի­տի չըլ­լան։ Կը բա­ցա­ռուի։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ եր­բեք պի­տի չըլ­լայ Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ։ Կը բա­ցա­ռուի։ Ան­գամ մը եւս կրկնեմ՝ կը բա­ցա­ռուի։ Ես իմ ամ­բողջ գի­տակ­ցա­կան կեանքս ի­րա­կա­նու­թեան մէջ նուի­րած եմ այս խնդրին։ Եւ իմ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար ըն­դու­նե­լի տար­բե­րա­կի մը հաս­նե­լու հա­մար միշտ պատ­րաստ ե­ղած եմ զո­հա­բե­րել ո՛չ միայն ո­րե­ւէ պաշ­տօն, այ­լեւ՝ կեանքս։ Սա այդ­պէս ե­ղած էր ե­րէկ, այդ­պէս է այ­սօր, այդ­պէս պի­տի ըլ­լայ վա­ղը»։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2016