ՎԵՐԸՆԹԱՑ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Թիֆ­լիզ՝ Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Նալ­պան­տեան, որ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ վրա­ցա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, ծաղ­կեպ­սակ մըն ալ դրաւ Թիֆ­լի­զի հե­րոս­նե­րու հրա­պա­րա­կին վրայ։ Իր վրա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու եւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­լու ա­ռըն­թեր Նալ­պան­տեան օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ նաեւ Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի եւ Վար­չա­պետ Կիոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լիի հետ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան հա­րե­ւան եր­կու եր­կիր­նե­րու վե­րըն­թաց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան Թիֆ­լի­զի ղե­կա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Ան կանգ ա­ռաւ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րուած ջան­քե­րուն վրայ, ո­րոնք ուղ­ղուած են Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ժա­մա­նակ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին վե­րա­բե­րեալ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման, ինչ որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ստեղ­ծէ յա­ռաջ մղե­լու հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։

Կող­մե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Վրաս­տա­նի հայ­կա­կան պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման եւ վի­րա­հա­յու­թեան առ­կայ խնդիր­նե­րուն շուրջ։ Օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան նաեւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան սեր­տաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցին տնտե­սա­կան եւ ու­ժա­նիւ­թի ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հրա­տապ հար­ցե­րու շուրջ։ Օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան նաեւ կող­մե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը՝ փո­խադ­րու­թեան, մշա­կու­թա­յին նիւ­թե­րու վե­րա­բե­րեալ։ Նա­խա­րար­նե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ ար­ձա­նագ­րե­ցին, որ եր­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ կը շա­րու­նա­կուին փո­խա­դարձ աշ­խոյժ այ­ցե­լու­թիւն­ներն ու ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէ նշեց, թէ հա­րե­ւան Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին Վրաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը նշա­նա­կա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն մըն է, ինչ որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար երկ­խօ­սու­թիւ­նը՝ փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ բազ­մա­թիւ հար­ցե­րու շուրջ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2016