ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՐՄԷՆ ՇԷԿՈՅԵԱՆԻՆ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ գրող Արմէն Շէկոյեանի յուղարկաւորութիւնը։ Կոնտի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ հրաժեշտ տրուեցաւ հայ գրականութեան արդի վարպետին, մինչ հոծ թիւով յուղարկաւորներ վշտակցեցան իր սգաւոր ընտանիքին։ Մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու ներկայութեամբ Հայաստանի Գրողներու միութեան դահլիճին մէջ կազմակերպուած սգահանդէսէն վերջ Արմէն Շէկոյեանի անշունչ մարմինը փոխադրուեցաւ Կոնտի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին։ Հանգուցեալ գրողին վաստակին առջեւ խոնարհումը բերելու փութաց նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ցաւակցեցաւ Արմէն Շէկոյեանի ընտանիքին։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 2, 2021