ՍՊԻՏԱԿ ԷՋ ՄԸ

Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստը։ Արցախի երկրորդ պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած քաղաքական տագնապի յաղթահարման համար, անցեալ 20 յունիսին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն տեղի ունեցած էր Հայաստանի մէջ։ Ուստի, նորընտիր խորհրդարանի անդրանիկ նիստի գումարումը երկրի քաղաքական կեանքէն ներս սպիտակ էջի մը բացուիլը կը խորհրդանշէ։ Նորընտիր խորհրդարանին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ունի բացարձակ մեծամասնութիւն, որ բաւարար է ինքնուրոյն կառավարութիւն ձեւաւորելու։ Խորհրդարանի 107 աթոռներէն 71-ը զբաղեցուած է Փաշինեանի կուսակցութեան երեսփոխաններուն կողմէ։ Գլխաւոր ընդդիմադիր ուժն է «Հայաստան» դաշինքը, որ ունի 29 պատգամաւոր։ Երրորդ ընդդիմադիր ուժն է՝ «Պատիւ ունիմ» դաշինքը, որ ունի 7 երեսփոխան։

Այսօր նորընտիր խորհրդարանը կը կազմէ իր դիւանը։ Այսպէս, կ՚ընտրուին Ազգային ժողովի նախագահն ու երեք փոխ-նախագահները։ Հաւանական է, որ խորհրդարանի նախագահ ընտրուի Ալէն Սիմոնեան, որ անցեալ շրջանի փոխ-նախագահն էր։ Երեք փոխ-նախագահներէն մին պէտք է ըլլայ ընդդիմութեան շարքերէն։ Այսօր պէտք է ընտրուին նաեւ խորհրդարանի մշտական յանձնաժողովներու ղեկավարները։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, առաջին նիստին ժամանակ նախատեսուած է կառավարութեան կառուցուածքը փոխելու մասին օրէնքի նախագծի քննարկումը։ Թէ ի՞նչ փոփոխութիւններ կ՚ակնկալուին, տակաւին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։

Նորընտիր խորհրդարանի անդրանիկ նիստին այս առաւօտ մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որոնք հանդէս եկան ելոյթներով։ Երիցագոյն երեսփոխանի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ նիստը, որու ընթացքին պատգամաւորները կատարեցին իրենց երդումը։

Վեհափառ Հայրապետը խորհրդարանի ամպիոնէն երեսփոխաններուն ուղղուած խօսքին մէջ ըսաւ. «Ազգային եւ հասարակական համերաշխութեան այլընտրանք չկայ։ Առաջնահերթօրէն այս խորհրդարանէն, կառավարման համակարգէն պէտք է սերմանուի սէրը, փոխադարձ հասկացութիւնը, բարի կամեցողութիւնը»։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 2, 2021