ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան մեկ­նե­ցաւ Չի­նաս­տան՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար «G-20»ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Պե­տու­թիւն­նե­րու կամ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու մա­կար­դա­կին վրայ կազ­մա­կեր­պուած այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վը 11-րդն է իր նման­նե­րու շար­քին։ 
Սոյն հա­ւա­քին շրջագ­ծով այս շա­բա­թա­վեր­ջին նա­խա­տե­սուած են Էր­տո­ղա­նի հան­դի­պում­նե­րը՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի, Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ աշ­խար­հի այլ շարք մը յա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ 
Ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին Էր­տո­ղա­նին կ՚ըն­կե­րա­նան Փոխ-վար­չա­պետ Մեհ­մէտ Շիմ­շէք, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու, Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Նի­հատ Զէյ­պէք­ճի, Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Պե­րաթ Ալ­պայ­րաք եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ 

 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2016