ԹՈՒՐՔԻԱ ՎՃՌԱԿԱՄ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա վճռակամ է Եփրատի արեւելքի ահաբեկչական լծակները մաքրագործելու ուղղութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան յայտնեց, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մշտական յաջողութիւնը կախում ունի անոր սնման ակերու կասեցումով։ Ան մատնանշեց, որ թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Իրաքի մէջ թրքական զինուորական ներկայացման բարձրացման զուգահեռ՝ Թուրքիոյ մէջ ՓՔՔ-ի արարքներ կազմակերպելու հնարաւորութիւնները կը սահմանափակուին։ Անվտանգութեան ուժերը անընդհատ կ՚իրականացնեն գործողութիւններ եւ ահաբեկիչները շունչ չեն կրնար քաշել։
Մինչ այդ, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Թուրք զինեալ ուժերը Իրաքի հիւսիսին ՄԻԹ-ի հետ համակարգումով կեանքի կոչած են գործողութիւններ։ Հինգ ահաբեկիչ չէզոքացուած է այդ գործողութիւններուն ընթացքին, որոնց բուն թիրախը եղած են ՓՔՔ-ի իբրեւ թէ լրաքաղութեան եւ յատուկ նշանակութեան ուժերու տարրերը։
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահի տեղակալ Ֆուաթ Օքթայ երէկ Վարշաւիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Մայք Փենսի հետ։ Բ. աշխարհամարտի սկիզբի 80-րդ տարելիցին առթիւ Լեհաստանի մէջ կազմակերպուած միջազգային հաւաքոյթի շրջանակին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Ֆուաթ Օքթայ եւ Մայք Փենս կարծիքի փոխանակումներ ունեցան տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ։