ՈՉ ԵՒՍ Է ԱԲԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ այս առաւօտեան ժամերուն Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան կնքած է իր մահկանացուն յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Աբիկ Հայրապետեան, որ ծնած էր 1927 թուականին, միջոցէ մը ի վեր դարմանման տակ էր Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Թերթս մամուլի յանձնելու պահուն հասաւ բօթը։ Մանրամասնութիւնները՝ վաղուան թիւով։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2019