ԸՆԴԳՐԿԵԼ ՇՈՒԷՏԻ ՕՐԻՆԱԿԸ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը գնահատած է Շուէտի ռազմավարութիւնը՝ քորոնաժահրի դէմ պայքարի գծով։ Այսպէս, քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարելու համար մեղմ սահմանափակումներ բերելու Շուէտի ռազմավարութիւնը երկարաժամկէտ հեռանկարով պէտք է օրինակ ծառայէ միւս պետութիւններու համար: Այս կարծիքը Magic ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան յատուկ պատուիրակ տքթ. Տէյվիտ Նապարօ:

Յատուկ պատուիրակը յայտարարած է, որ Շուէտի իշխանութիւնները ապաւինած են բնակչութեան գիտակցութեան՝ չսահմանելով խիստ սահմանափակիչ միջոցառումներ: Ըստ Նապարոյի, հարկ է, որ նմանօրինակ ռազմավարութեան ապագային հետեւին՝ ուրիշ պետութիւններ եւս: Շուէտի իշխանութիւնները մեկուսացման խիստ միջոցառումներ չեն սահմանած՝ մարդոց կոչ ընելով պահպանել ընկերային հեռաւորութիւնը եւ, ըստ հնարաւորութեան, աշխատիլ հեռավար դրութեամբ:

Դպրոցները, մանկապարտէզները եւ ճաշարանները բաց մնացած են, բայց բոլոր զանգուածային միջոցառումները չեղարկուած են:

Շուէտի տնտեսութիւնը, ինչպէս նաեւ միւս երկիրներու տնտեսութիւնները, իրենց վրայ զգացած են համավարակի բացասական ազդեցութիւնները. 2020 թուականի ամրան գործազրկութեան մակարդակը հասած է գրեթէ 9 տոկոսի:

Շուէտի մէջ քորոնաժահրով վարակման դէպքերու թիւը գերազանցած է 87 հազարը, մահացած է աւելի քան 5.8 հազար մարդ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը մարտի 11-ին COVID-19 նոր ժահրային վարակի բռնկումը յայտարարած է համավարակ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան վերջին տուեալներու համաձայն, աշխարհի մէջ յայտնաբերուած է վարակման արդէն աւելի քան 24.5 միլիոն դէպք, աւելի քան 833 հազար մարդ մահացած է։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020