ՄԵՐ ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՌՈՂՋ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ձիթաիւղը կը համարուի ամենաօգտակար իւղերէն մէկը, որ նաեւ իւրայատուկ համ կը հաղորդէ ուտեստներուն։ Այս մթերքը հարուստ է հակաօքսիտաններով ու ոչ-յագեցած ճարպերով, որոնց շնորհիւ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ ամբողջ մարմնին վրայ։ Մասնագէտները յաճախ կը շեշտեն սննդակարգին մէջ ձիթաիւղ աւելցնելու կարեւորութեան մասին, սակայն շատեր չեն գիտեր, թէ ի՛նչ օգտակար յատկութիւններով օժտուած է այս մթերքը ու ինչ ազդեցութիւն կ՚ունենայ մարմնին վրայ։

Ահաւասիկ, ձիթաիւղի ամենաօգտակար յատկութիւնները ու չորս պատճառ զայն յաճախ օգտագործելու համար։

- Ձիթաիւղը Միջերկրականի սննդակարգին մէջ ճարպերու հիմնական աղբիւր է, իսկ հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ այս սննդակարգին հետեւողներու կեանքի տեւողութիւնը աւելի երկար կ՚ըլլայ։ Մինչ այդ, ուսումնասիրութիւնները նաեւ ցոյց տուած են, որ այս մթերքը կրնայ նաեւ նուազեցնել սրտանօթային հիւանդութիւններու հետեւանքով վաղաժամ մահուան հաւանականութիւնը՝ նոյնպէս երկարացնելով կեանքի տեւողութիւնը։

- Ձիթապտուղի իւղը կը բարելաւէ սրտանօթային համակարգի առողջութիւնը՝ նպաստելով «լաւ» քոլեսթերոլի բարձրացման։ Նախապէս տեղի ունեցած հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ ձիթաիւղի շնորհիւ թրիկլիսերիտներու մակարդակը կը նուազի։

- Ձիթաիւղը շատ օգտակար է աղիքներու միքրոպիոմի համար, որ բաղկացած է աղիքներու մէջ ապրող ու մարսողութեան գործընթացին շատ կարեւոր դեր կատարող միլիոնաւոր միքրոօրկանիզմներէ։ Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ ձիթաիւղը կըր-նայ բարձրացնել աղիքներու դիմադրողականութիւնն ու աղիքներու մանրէներու թիւը, ինչ որ կրնայ շատ օգտակար ըլլալ աղիքներու բորբոքային հիւանդներու համար։

- Այս մթերքը շատ օգտակար է նաեւ մաշկի համար։ Առաջին հերթին ան կը պաշտպանէ մաշկը արեւու անմիջական ճառագայթներու եւ յատկապէս անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու յառաջացուցած վնասուածքներէն։ Մինչ այդ, այս իւղը կը խոնաւցնէ մաշկը ու իր հակամանրէային յատկութիւններու շնորհիւ կ՚ոչնչացնէ բշտիկներու յառաջացումին նպաստող մանրէները։ Սա է պատճառը, որ բշտիկներէն ազատելու համար մասնագէտները խորհուրդ կու տան օգտագործել ձիթապտուղի իւղով օճառ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020