Ուրբաթ 10, Յունուար 2025
ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ԴԻՄԱԿՆԵՐ
Անգլիական աշխարհահռչակ Burberry ապրանքանիշը հրապարակ հանած է հակաժահրային պաշտպանիչ դիմակներու հաւաքածոյ մը՝ իր յայտնի կերպասէն:
Դիմակները պատրաստուած են վերամշակուած նիւթերէ եւ կը բաւարարեն անձնական պաշտպանիչ միջոցառումներու պահանջները: Անոնք կը վաճառուին յատուկ պայուսակով մը, որ նոյնպէս պատրաստուած է հակամանրէային գործուածքէ:
Burberry դիմակները կարելի է ձեռք բերել միայն առցանց՝ ապրանքանիշի կայքին միջոցաւ: Մինդ այդ, մէկ դիմակի արժէքը 118 տոլար է:
Դիմակներու վաճառքէն ստացուած հասոյթի մէկ մասը կը յատկացուի Burberry-ի քորոնժահրի համավարակի հիմնադրամին:
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020