ՍՈՐՎԻՆՔ՝ ՔՈՐՈՆԱՅԻՆ ՀԵՏ ԱՊՐԻԼ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութենէն մարդոց կոչ կ՚ընեն, թէ պէտք է ապրիլ սորվիլ քորոնաժահրի հետ, այլ ոչ թէ ապաւինիլ պատուաստանիւթերուն։ Այսպէս, քորոնաժահրի նկատմամբ յաղթանակը տեղի կ՚ունենայ ոչ այն պահուն, երբ բնակչութեան համատարած պատուաստում կատարուի, այլ երբ մարդիկ սովորին ապրիլ ժահրին հետ: Երէկ այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի տարածքաշրջանային գրասենեակի տնօրէն Հանս Քրիւկէն, Sky News հեռուստաալիքի եթերէն։

«Եկէք բացասականօրէն չտրամադրուինք. համավարակի վերջը կու գայ, իսկ օրը, երբ յաղթենք համավարակին, պատադիր չէ, որ կապուած ըլլայ պատուաստանիւթի հետ, այդ մէկը տեղի կ՚ունենայ, երբ մենք սորվինք ապրիլ համավարակին հետ, իսկ այդ մէկը կրնայ ըլլալ վաղը», ըսած է Քրիւկէն:

«Մենք պէտք է սորվինք, թէ ինչպէս պէտք է ապրինք ժահրին հետ, որու համար երկու հանգամանք արտակարգ կարեւոր է. կառավարութիւնները պէտք է ստանձնեն աշխոյժ ղեկավարող դեր, իսկ մարդիկ՝ պահպանեն սահմանափակիչ միջոցները», աւելցուցած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ներկայացուցիչը՝ արտայայտուելով դիմակներ կրելու օգտին եւ մարդկանց զանգուածային հաւաքոյթներու դէմ:

Քրիւկէն լաւ նորութիւն մը համարած է, որ աշխարհ այժմ աւելի պատրաստ է քորոնաժահրին, քան 2020 թուականի փետրուարին, երբ վարակման եւ մահերու թիւը սկսած էր աշխուժօրէն աճիլ զանազան երկիրներու մէջ, որու հետեւանքով Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարեց համավարակի սկսման մասին: «Հոկտեմբերի սկիզբէն մինչեւ նոյեմբերի վերջը մենք վերստին կրնանք հիւանդանոցային եւ մահացութեան առաւելակէտ տեսնել: Մենք չենք կրնար բացառել տեղային մեկուսացումներու եւ դպրոցներու տեղային փակումներու սահմանումը», խոստովանած է Քրիւկէն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020