EURONEWS ՍԿՍԱՒ ՀԵՌԱՐՁԱԿՈՒԻԼ ՆԱԵՒ ՎՐԱՑԵՐԷՆՈՎ

Euronews հեռուստակայնը սկսաւ հեռարձակուիլ նաեւ վրացերէնով։ Կը հաղորդուի, որ օգոստոսի 31-ի դրութեամբ Վրաստանէ ներս իր հեռարձակման սկսած է Euronews հեռուստաալիքի վրացալեզու ծառայութիւնը։ Այս հեռուստաալիքը մասնագիտացած է առաւօտեան, ցերեկային եւ երեկոյեան լրատուական հաղորդումներ հեռարձակելու ոլորտին մէջ։ Ան համաեւրոպական հեռուստակայան մըն է եւ զանազան միջազգային կառոյցներու տուեալներով՝ ներկայ տարուայ առաջին եռամսեակին թէ՛ հեռուստատեսային եւ թէ թուային հարթակներու միջոցաւ տեղեկատուութիւն ապահոված է 150 միլիոն հոգիի։

Վրացական Euronews-ը հիմնադրուած է այդ հեռուստակայանի եւ վրացի գործարար Կիորկի Ռամիշվիլիին պատկանող «Սիլքնեթ» հեռահաղորդակցութեան ընկերութեան համագործակցութեամբ։ Վրացական Euronews-ը ղեկավարելու համար հրաւիրուած է հեռուստակայանի Յունաստանի մասնաճիւղի գլխաւոր խմբագիր Վասիլ Պիցիս։

Բացի Վրաստանէն, վերջին մէկուկէս տարուայ ընթացքին Euronews մասնաճիւղեր բացած է նաեւ Սերպիոյ եւ Ալպանիոյ մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020